Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: Աւստրիա 1 յունուար 2017-ին կը ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը:
Քուրցի համաձայն, ԵԱՀԿ-ի համար զինուորական տագնապները, որոնք դարձած են բազմաթիւ զոհերու, մարդոց տեղահանութեան պատճառ, հիմնական մարտահրաւէրներն են, որոնց այսօր բախած է Եւրոպան:
«Այդ պատճառով գոյութիւն ունեցող տագնապներուն մէջ լարուածութեան նուազեցումը Աւստրիոյ հիմնական առաջնահերթութիւններէն է ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան ժամանակ: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ` ես անձամբ պիտի այցելեմ այդ իրադարձութիւններէն տուժած շրջաններ: Նախագահութիւնը պիտի աջակցի գոյութիւն ունեցող տագնապներու խաղաղ լուծման համար գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերուն, ինչպէս նաեւ համանախագահներու գործունէութեան:
«Մենք պարբերաբար կը ստանայինք տեղեկութիւններ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
«Մենք մնայուն կապ կը պահենք կողմերուն հետ: Այդ պատճառով ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակին եւ աւելի լաւ կը հասկնանք տարբեր դիրքորոշումները: Մենք ԵԱՀԿ-ի մեր միջազգային գործընկերներուն հետ վստահ ենք, որ այդ տագնապը կրնայ լուծուիլ խաղաղ ճամբով: Այդ ուղղութեամբ աշխատանքը մեր հիմնական առաջնահերթութիւնն է», ըսած է Քուրց:
Ըստ անոր, Աւստրիան միացած է 5 ապրիլ 2016-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն որդեգրած յայտարարութեան, ուր դատապարտուած է ապրիլին շփման գիծին վրայ մագլցումը:
«Մենք նշած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրնայ լուծուիլ խաղաղ ճամբով: Ես ատիկա բազմիցս կրկնած եմ: Մենք ցաւակցած ենք այդ տագնապէն տուժած բոլոր ընտանիքներուն: Կ՛ուզեմ նշել, որ տագնապէն տառապող բնակչութեան անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը պէտք է առաջնային ըլլան: Այդ մարդիկ միւսներէն աւելի շատ կը տառապին: Մենք կը յիշենք այդ մասին, երբ կ՛աշխատինք տագնապի լուծման ուղիներուն վրայ:
«Աւստրիոյ նախագահութիւնը ամբողջութեամբ կը գիտակցի իր պատասխանատուութիւնն ու կ՛աջակցի Մինսքի խմբակի միջնորդական ջանքերուն, մտադիր է աշխուժօրէն մասնակցիլ այդ հոլովոյթին», ըսած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ըստ անոր, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք պիտի դառնայ իր անձնական ներկայացուցիչը, բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը գնդապետ Հանս Լամփալզերի ղեկավարութեամբ:
«Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի ապագային մագլցումը կանխարգիլուի: Ատոր կարելի է հասնիլ միացեալ աշխատանքով: Այդ պատճառով մենք մեծ ուշադրութիւն պիտի յատկացնենք դիւանագիտութեան, աւելի աշխուժ երկխօսութեան եւ այն բանին, թէ ի՛նչ հերթական քայլերու պէտք է ձեռնարկուին գոյութիւն ունեցող առաջարկներու իրականացման համար», ըսած է Սեպասթիան Քուրց: