Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Օրուան Ընթացքին Ազրպէյճանական Կողմէն Մահացած Է 10-Է Աւելի Զինուոր

December 31, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ardzroun_123016

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 30 դեկտեմբերի գիշերը տեղի ունեցած է օր մը առաջ ազրպէյճանական սադրանքի տրամաբանական զարգացումը. հայկական ստորաբաժանումները պատժիչ գործողութիւններ կատարած են, եւ անոնց իբրեւ հետեւանք, հակառակորդը ունեցած է 4 կորուստ եւս:

Ան յիշեցուցած է, որ 29 դեկտեմբերի առաւօտեան, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն հարաւ-արեւելք տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կատարուած ազրպէյճանական հետախուզական-ներթափանցման փորձին իբրեւ հետեւանք հակառակորդը ունեցած է 7 մահ: «Փաստացի` հակառակորդի արկածախնդրութեան պատճառով երկու օրուան ընթացքին մահացած է աւելի քան տասնեակ մը ազրպէյճանցի զինուորական», յայտնած է Ա. Յովհաննիսեան` շեշտելով, որ «Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը քանի մը անգամ հաստատած է, որ իր տրամադրութեան տակ ունի անհերքելի ապացոյցներ` ազրպէյճանական կողմի մեծ կորուստներուն վերաբերեալ»:

30 դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը եւս հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ 29 դեկտեմբերին Տաւուշի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցած մարտերէն ետք հայկական զինուած ուժերու մարտական յենակէտերէն մէկուն մօտ յայտնաբերուած է ազրպէյճանցի զինուորի համազգեստով մահացու վէրքեր ստացած անձի մը դի, որուն ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ կը կատարուին համապատասխան գործողութիւններ:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 29 դեկտեմբերին հաղորդած էր, թէ «անհետ կորսուած է» ազրպէյճանցի զինուոր Ղուրպանով Չինկիզ Սալման Օղլուն:

 

Նախորդը

Վարչապետն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեցին Բանակայիններուն

Յաջորդը

Դաւիթ Լոքեան Այցելած Է Տաւուշի Պաշտպանական Դիրքեր

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.