Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեցին Բանակայիններուն

December 31, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

varchabed_123016

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 30 դեկտեմբերին անջատաբար այցելած են Հայաստանի զինուած ուժերու Ն. զօրամասի մարտական դիրքեր եւ տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորած զինուորները` անոնց մաղթելով կորով:

Մարտական յետակէտին մէջ վարչապետը ծանօթացած է զինուորներուն ընկերային¬կենցաղային պայմաններուն, թէյի սեղանի շուրջ զրուցած` զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին: Կարէն Կարապետեան շնորհաւորած է հայոց բանակի ծառայողները` տօներուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնած անձնուէր ծառայութեան համար: Ան նշած է, որ ժողովուրդը կը հպարտանայ իր զինուորներով, որոնք պատուով եւ պատասխանատուութեամբ կը պաշտպանեն մեր պետական սահմանները: Վարչապետը ընդգծած է, որ զինուորներուն նկատմամբ միշտ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ պետութիւնը: «Մենք շատ լաւ երկիր պիտի ունենանք, այդ գծով կասկած չունենաք, ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները: Մենք կ¢ուզենք, որ ձեր ծառայութիւնը, ձեր պարտքը կատարելու ատեն ըլլաք հպարտ, որովհետեւ մարդ աւելի մեծ գոհունակութիւն չի կրնար ունենալ, քան իր սիրած երկրին ծառայելը», ըսած է վարչապետը:

Զինուորներուն հետ զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով նախօրէին հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին վրայ կատարուած հետախուզական-ներթափանցման փորձին, վարչապետ Կարէն Կարապետեան նշած է, որ դիրքին անձնակազմը սխրանքի ու անձնազոհութեան գնով  կատարած է իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը` պաշտպանելով երկրի սահմանները: Վարչապետին հաստատումով, սահմանին կանգնած զինուորներուն վստահութիւնն ու վճռականութիւնը անընդհատ դրական ազդակներ կը փոխանցեն նաեւ հանրութեան: Մարտական յենակէտ այցելութեան աւարտին Կարէն Կարապետեան բոլոր զինուորներուն մաղթած է առողջութիւն եւ խաղաղ ծառայութիւն:

nalbandian_123016

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զինուորներուն հետ զրուցելով նշած է, որ աւանդաբար ընտանեկան ամանորեան տօները անոնք կը նշեն ընտանիքներէն հեռու, քանի որ կը կատարեն հայրենիքի պաշտպանութեան առաքելութիւն` ապահովելով մեր ժողովուրդին, մեր երկրին խաղաղ կեանքն ու զարգացումը: Նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթած է սպաներուն եւ զինուորներուն` ընդգծելով, որ անոնց յաջողութենէն կախեալ է մեր զինուած ուժերուն ամրութիւնը եւ հզօրութիւնը: «Ձեզմէ ոմանք արդէն վեց ամիս է, ոմանք` աւելի երկար ատենէ մաս կը կազմէք մեծ ընտանիքի մը, որ կը կոչուի հայոց բանակ: Բանակ, որուն նպատակը մէկ է` ձեր փոքր եւ մեծ ընտանիքներուն պաշտպանութիւնը, հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Բանակ, որ ռազմական դաշտին մէջ տիրացած է շրջանի ամէնէն խիզախն ու մարտունակը կոչուելու իրաւունքը: Կայացած բանակ, որ աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ կը կատարէ խաղաղապահ առաքելութիւն: Բանակ, որուն երիտասարդ զինուորը, կեանքին համն ու հոտը դեռ չտեսած, պատրաստ է զայն նուիրաբերելու յանուն իր ընտանիքին եւ հայրենիքին անվտանգութեան», ըսած է նախարարը:

Էդուարդ Նալբանդեան զինուորականներուն մաղթած է անփորձանք ծառայութիւն, այնպիսի ծառայութիւն, որ զինուորներուն ծնողները եւ ընտանիքները հպարտանան հայրենիքի պաշտպան իրենց զաւակներով եւ ուրախանան բանակէն ստացուող բարի լուրերով:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Երկու Օրուան Ընթացքին Ազրպէյճանական Կողմէն Մահացած Է 10-Է Աւելի Զինուոր

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.