29 դեկտեմբերի կանուխ առաւօտեան Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ-արեւելք գտնուող պետական սահմանի հատուածին մէջ, ազրպէյճանական զօրքերը ձեռնարկած են հետախուզական-ներթափանցման փորձի, որուն հակազդած է հայկական կողմը` նահանջի մատնելով ազրպէյճանական յարձակող խումբը:
Այս մասին առաջին տեղեկութիւնները հրապարակած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան, որ գրած է. «Հայաստանի զինուած ուժերը բախումներ ունեցած են հակառակորդին հետ: Կիրարկուած են արձակազէններ եւ նռնականետեր, բախումները կը շարունակուին: Հայաստանի զինուած ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը` կանխելով հակառակորդին ոտնձգութիւնները»:
Աւելի ուշ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է հակառակորդին կրած կորուստներուն մասին` դիտել տալով, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը հանդարտած է: Հակառակորդի շարքերուն մէջ կան մինչեւ 7 մահացած զինուորներ եւ վիրաւորներ: Ըստ անոր, Հայաստանի զինուած ուժերը կը կատարեն որոնողական ու տարածքի մաքրութեան աշխատանքներ, ազրպէյճանցի մեռեալներուն թիւը տակաւին յստակ չէ, սակայն անոնցմէ մէկուն դիակը մնացած է հայկական կողմը: Ա. Յովհաննիսեան նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական կողմը եւս ունեցած է կորուստներ: Արդարեւ, պետական սահմանի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին զոհուած են աւագ հրամանատար Շաւարշ Մելիքեան, շարքայիններ Էտկար Նարայեան եւ Էրիկ Աբովեան:
«Երկիր»-ի ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Շաւարշ Մելիքեան Հայաստանի Շիրակի մարզի Աշոցք համայնքէն էր, ան 26 տարեկան էր, 4 տարի է, որ անցած է պայմանագրային ծառայութեան: Ամուսնացած չէր, ընտանիքին միակ արու զաւակն էր: Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր պայմանագրային դրութեամբ ան կը ծառայէր Բերդի մէջ: Նահատակ զինուորը ուսանած է Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական հիմնարկին մէջ, ծառայած է Հայաստանի տարբեր զօրամասերու մէջ, նաեւ` Գորիսի մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ եղած է դասակի հրամանատար: Մելիքեանի հրամանատարութեան տակ ծառայած զինուորները պատմած են, որ ան հիանալի սպայ էր, շատ լաւ կը տիրապետէր զինուորական գործին, ընկերասէր էր, զինուորներուն նուիրուած, անոնց կողմէ սիրուած ու յարգուած:
Էդգար Գրիգորի Նարայեան Երեւանէն է, 1995-ի ծնունդ, աւարտած էր Հայաստանի մէջ Եւրոպական քոլեճը:
Մինչ այդ Ազրպէյճան, ինչպէս միշտ, դիմեց իրականութիւնը խեղաթիւրելու փորձի: Իբրեւ պատասխան` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտարարելով, որ 29 դեկտեմբերի առաւօտեան ձեռնարկած սադրանքէն ետք, ազրպէյճանական կողմը ժամեր շարունակ լռութիւն պահելէ ետք, հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ, «որուն մէջ, իրեն բնորոշ անհեթեթ ոճով կը փորձէ տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը դնել հայկական կողմին վրայ»:
Նախարարութիւնը հաստատած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերուն տրամադրութեան տակ առկայ են անհերքելի ապացոյցներ այն մասին, որ ազրպէյճանական կողմը նախայարձակ եղած է:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը` միջազգային հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, որպէսզի կարելի ըլլայ նման սադրանքները կանխել եւ զինադադարի` միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւններու անշեղ կատարման վերահսկելիութիւնը ապահովել:
Միջազգային Հանրութիւնը Անյապաղ Պէտք Է
Սթափեցնէ Ազրպէյճանի Ղեկավարութիւնը
Տաւուշի մէջ ազրպէյճանական կողմին նախաձեռնած հետախուզական-ներթափանցման փորձին արձագանգած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` խստագոյնս դատապարտելով այս արարքը, որուն պատճառով արձանագրուած են մարդկային կորուստներ: Նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
«Այն պայմաններուն մէջ, երբ տակաւին յաղթահարուած չէ ապրիլ ամսուան Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումներու հետեւանքով տագնապի լուծման հոլովոյթին հասցուած լրջագոյն վնասը, Պաքուն նոր արկածախնդրութեան կը դիմէ` կոպտօրէն խախտելով Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու վերաբերեալ յանձնառութիւնը: Այսպէս կը պատասխանէ Պաքուն Համպուրկի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հնչեցուցած յստակ պահանջին` անվերապահ պահպանել 1994-1995-ի զինադադարի համաձայնագիրները», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը` եռանախագահներուն միջոցով, բազմիցս կոչ ուղղած է յարգելու զինադադարը, յատկապէս տօնական օրերուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ զինուորական գործողութիւն կատարելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախաշեմին` Պաքուն համամարդկային արժեհամակարգին դէմ կը գործէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզում յայտնած է այն մասին, որ միջազգային հանրութիւնը, նախ եւ առաջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները, անյապաղ քայլերով պէտք է սթափեցնեն իրենց կոչերն ու պահանջները բացայայտօրէն արհամարհող, անոնց հակառակ ընթացող, իրականութեան զգացումը կորսնցուցած ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը: