Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ պետական բոլոր հաստատութիւնները եւ կառոյցները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2016-ին եւ երկուշաբթի 2 յունուար 2017-ին` Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան առիթով:
Այլ շրջաբերականով մը նշուեցաւ, որ պետական հաստատութիւնները եւ հանրային կառոյցները փակ պիտի մնան նաեւ ուրբաթ, 6 յունուար 2017-ին` հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: