Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱՍՏԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՏԵՒԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՈՒՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻ

October 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սարքոզի եւ Սարգսեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տրուած միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը կարեւոր էր իրեն համար:

Ըստ Սարքոզիի, Ֆրանսայի մէջ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն` հաշուի առնելով հայկական մեծ համայնքի առկայութիւնը, որ մեծ դերակատարութիւն ունի Ֆրանսայի մէջ:

Նիքոլա Սարքոզի նշեց, թէ հայերը լաւ գիտեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Ֆրանսան ձեռք երկարեց իրենց եւ այսօր ալ` 2011-ին, Հայաստանը մինակ չէ, քանի որ Ֆրանսա առանձնայատուկ կապեր ունի Հայաստանի հետ:

«Ես ըսի, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ճամբան շարունակէ դէպի խաղաղութիւն` խաղաղութիւն Ազրպէյճանի հետ, ինչ որ կը բխի երկու երկիրներու շահերէն: Անշուշտ, ես նաեւ Հայաստանի նախագահին քաջալերեցի շարունակելու երկխօսութիւնը Թուրքիոյ հետ: Անընդունելի է, որ 2011-ին Թուրքիոյ հետ սահմանը փակ մնայ», յայտնեց Նիքոլա Սարքոզի` աւելցնելով, որ կ՛աջակցի խաղաղութեան հաստատման ուղղուած նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջանքերուն:

Պատասխանելով «Լէ Նուվել տ՛Արմենի» հանդէսին հարցումին, որ եթէ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա Ֆրանսա ի՞նչ քայլերու կրնայ դիմել, նախագահ Սարքոզի նշեց, որ հաւաքական ժխտումը աւելի ցաւալի է, քան անհատական ժխտումը: Ըստ անոր, ատիկա չի նշանակեր, որ անձնական ժխտումը ընդունելի է: Ան աւելցուց, որ եթէ Թուրքիոյ նման մեծ երկիր մը ճանչնար իր պատմութեան սեւ օրերը եւ անշուշտ Ցեղասպանութիւնը, ապա Ֆրանսա եւ Հայաստան ատիկա հաշտութեան ուղղուած քայլ պիտի նկատէին:

«Կարելի չէ տեւական հաշտութիւնը ըլլայ` ժխտելով միւսին տառապանքները, չի կրնար տեւական հաշտութիւն ըլլալ պատմական փաստերու ժխտման հիման վրայ: Եթէ Թուրքիոյ նման մեծ երկիր մը իր մէջ ուժ գտնէր այս քայլին դիմելու համար, ապա Ֆրանսայի համար ատիկա բաւարար պիտի ըլլար, քանի որ օրէնքի ուժով Ֆրանսա կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ եթէ Թուրքիա այդ քայլին չդիմէ եւ շարունակէ ժխտել ցեղասպանութիւնը, ապա Ֆրանսա պիտի ցանկայ աւելի հեռուն երթալ եւ փոխելով իր օրէնսդրութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ պիտի սահմանէ», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը:

Նիքոլա Սարքոզի յայտնեց, որ ժամանակը անսահման չէ` 1915-էն մինչեւ այսօր` 2011 բաւական ժամանակ անցած է խորհրդածելու համար: Ան նշեց, որ ինք ժամկէտային սահմանափակում չի մատնանշեր, քանի որ յոյս ունի, որ թուրք ժողովուրդը եւ ղեկավարութիւնը ճիշդ արձագանգ պիտի տան: Ան յոյս յայտնեց, որ այս բոլորը տեղի ունենան իր նախագահ եղած շրջանին:

Ֆրանսայի նախագահը պատասխանեց նաեւ այն հարցումին, որ Ֆրանսա ի՞նչ կ՛ընէ, որպէսզի կանխէ Ազրպէյճանի կողմէ սպառազինութիւններու մրցավազքի հրահրումը: Հանրային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը նշեց, որ շրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ իրականացուուղ ուժանիւթի ծրագիրները Ազրպէյճանը կ՛օգտագործէ ի վնաս շրջանին եւ այդ ծրագիրներէն ստացած եկամուտները կ՛ուղղէ մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւններու ձեռք բերման:

Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հայերը եւ ազրպէյճանցիները պէտք է շարունակեն բանակցիլ` ընդգծելով, որ երկու կողմերուն համար ալ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է:

Նոյն հարցումին պատասխանեց նաեւ Հայաստանի նախագահը` ըսելով, որ Հայաստան յարգանքով եւ ըմբռնումով կը մօտենայ ուժանիւթի անվտանգութեան եւ ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանութիւն ապահովելու Եւրոպական Միութեան երկիրներու ցանկութեան, «բայց այդ ծրագիրները պէտք է ըլլան այնպէս, որ անկէ բխած արդիւնքները ծառայեն խաղաղութեան եւ ոչ պատերազմին»:

Նիքոլա Սարքոզի անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հիւլէական կայանի խնդիրին եւ նշեց, որ քանի մը շաբաթէն հետազօտութիւն իրականացնելու նպատակով Հայաստան պիտի ժամանէ խումբ մը, որ պիտի փորձէ օժանդակել Հայաստանի հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ:

 

Նախորդը

ԱՆԳԱՐԱ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍԱՐՔՈԶԻՆ

Յաջորդը

«ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆԵԹԱ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.