Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐԸ

October 8, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Պուրճ Համուտի գործարանները` ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի:

Նախարար Սապունճեան այցելեց կաշեգործութեան, ալիւմինիոմի, հագուստի, կազմածներու, գոհարեղէնի տուփերու եւ կահ կարասիի յատուկ գործարաններ:

Նախարար Սապունճեան գործատէրերէն իմացաւ աշխատանքին մանրամասնութիւններուն մասին` շեշտելով իր լաւատեսութիւնը, թէ ճարտարարուեստի մարզը խոստմնալից ապագայ կրնայ ունենալ:

Նախարար Սապունճեան այս յայտարարութիւնը կատարեց, երբ գործատէրերէն մէկուն հետ իր զրոյցին ընթացքին իմացաւ, թէ նշեալ գործատէրը իր արտադրութիւնները կ՛արտածէ 45 երկիրներու:

Իր խօսքին մէջ նախարար Սապունճեան ըսաւ. «Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ դուք հիմնասիւն մը կը նկատուիք համաշխարհային շուկաներուն եւ  լիբանանեան արտադրութիւններուն միջեւ յարաբերութեան օղակին առնչութեամբ: Հակառակ ձեր գործարաններուն որոշ չափով փոքր ըլլալուն, դուք կ՛արտադրէք այնպիսի կազմածներ եւ արտադրութիւններ, որոնք ստեղծագործական եւ որակաւոր են»:

Նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ Լիբանանէն արտածուող արտադրութիւններուն արժէքը հասած է մէկ միլիառ եօթը հարիւր միլիոն տոլարի` յոյս յայտնելով, որ այդ գումարը մինչեւ տարեվերջ կը բարձրանայ երեքուկէս միլիառ տոլարի, որպէսզի ճարտարարուեստի մարզին համար ան արձանագրուի իբրեւ նոր մրցանիշ:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի մարզին գոյութիւնը ամրապնդելու եւ արտաքին շուկաներուն հետ գործակցութիւնը բարելաւելու հիմնական քայլը արտադրութիւններու որակին պահպանումն է:

Իր կարգին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ողջունեց նախարար Սապունճեանի Պուրճ Համուտ կատարած այցելութիւնը` աւելցնելով, որ նախարարին կողմէ բնակչութեան, ճարտարարուեստի, սակայն նաեւ զրկանքի օրինակելի այս շրջանը այցելելու քայլը դրուատիքի արժանի է:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, թէ կառավարութիւնը կանաչ լոյս տուած է եւ լուրջ է հաւասարակշռուած բարգաւաճում գործադրելու առումով:

«Մենք ունինք շարք մը պահանջներ, զորս կ՛ուզենք ներկայացնել կառավարութեան, որ փաստեց, թէ ինք ժողովուրդին հոգերէն հեռու չի մնար: Կը մաղթենք, որ նախարար Սապունճեան մեր պահանջները փոխանցէ կառավարութեան, որպէսզի միասնաբար գործակցինք անոնց լուծումներուն շուրջ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Նշենք, որ այցելութեան աւարտին նախարար Սապունճեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ճարտարարուեստի մարզի գործատէրերուն հետ:

Հանդիպումին բացումը կատարելով` փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան յիշեցուց, որ շուրջ 90 տարիներ առաջ Պուրճ Համուտի ճահիճներուն եւ պարտէզներուն մէջ սկսան զարգանալ նախ արհեստները, ապա` ճարտարարուեստը: «Պատերազմի դաժան տարիներուն իսկ, այս շրջանի գործարարները շարունակեցին աշխատիլ ու արտադրել, իսկ յետպատերազմեան տասնամեակները աւելի ծանր մարտահրաւէրներ բերին լիբանանեան ու պուրճհամուտեան ճարտարարուեստին», ըսաւ ան:

Նախարար Սապունճեանի հետ իրենց զրոյցին ընթացքին գործարարները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարին եւ քաղաքապետարանին` անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ հոգատարութեան համար, մաղթելով, որ իրենց միջեւ մնայուն հաղորդակցութիւն ըլլայ` լիբանանեան ճարտարարուեստի բարգաւաճման ի խնդիր:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՓՈՏՐՈՊՆՈՍԹԻ»Ի ՄՈԼՏԱՒԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՎԱՃԱՌԱԾ Է ԻՐ ԱՄԷՆԷՆ ՍՈՒՂ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.