Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԼՈՅ 60-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆ

October 8, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ին եւ գործակցութեամբ «Փիւնիկ» հիմնադրամին, երէկ` ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ«ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 60-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Մշակութային արտադրութիւնները համացանցի դարաշրջանին մէջ»: Դասախօսն էր հայրենի հանրածանօթ մտաւորական Գարեգին Չուգասըզեան:

Լսարանին բացման խօսքը արտասանեց արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց դասախօսին գործունէութիւնն ու աշխատելադաշտերը: Ան հաստատեց, որ Չուգասըզեան իր բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ պահպանելու հայութեան մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնն ու տնտեսութիւնը: Հերկելեան աւելցուց, որ Գարեգին Չուգասըզեանի հանրագիտարանային տեսաերիզները արժանացած են հայ թէ օտար հասարակութեան գնահատանքին եւ միջազգային մրցանակներու:

«Ազդակ»ի 60-րդ լսարանին առիթով` դոկտ. Մովսէս Հերկելեան մեծապէս գնահատեց «Ազդակ»ի գործունէութիւնը, «Փիւնիկ» սրահին հաստատումն ու դերակատարութիւնը

Ապա խօսք առաւ Գարեգին Չուգասըզեան, որ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արհեստագիտական մշակութային արտադրութիւններու դերակատարութեան մասին:

Ան նշեց, որ այսօրուան արհեստագիտական արդիական գործիքները պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ ունենան կեդրոնական խնդիրներ, քանի որ մնայուն ձեւով վիճակներ փոխելու վարժ են: Չուգասըզեան ըսաւ, որ նոր միջոցներուն դժուարութիւնները պէտք է յաղթահարել եւ առաւելութիւնները` օգտագործել:

Գարեգին Չուգասըզեան յայտնեց, որ անցեալին` գիրերու գիւտի հանգրուանին մեր ինքնութեան ցանցը վանքերն էին, իսկ այսօր` համացանցն ու համակարգիչն են: Դասախօսը ըսաւ, որ հայութիւնը արհեստագիտական նոր ձեռքբերումները առաւելագոյն չափով պէտք է  օգտագործէ` պահպանելու ինքնութիւնը եւ ծանօթացնելու իր արժէքներն ու խնդիրները: Այս գծով, ան աւելցուց, որ այսօր հայութիւնը պետութիւն ունի եւ կը հեռանայ իր ինքնութենէն, երբ անցեալին, Եղեռնի ժամանակաշրջանին, վատ պայմաններու եւ բռնութիւններու տակ, ամէն ճիգ կը թափէր պահպանելու իր էութիւնը:

Ապա Գարեգին Չուգասըզեան ներկայացուց երկու մալթիմիտիա խտասալիկներ, որոնցմէ առաջինն է «Արամ Խաչատուրեան. կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը», իսկ երկրորդը` «Հայ մեծ եղեռն. 1915-1923»: Իւրաքանչիւր խտասալիկ տեղեկութիւններու, լուսանկարներու, վկայութիւններու, ժամանակագրական կարգի եւ փաստաթուղթերու մեծ աղբիւր մըն է:

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խտասալիկին մէջ նաեւ տեղ գտած էին մշակութային եղեռնը, թրքական վկայութիւններ, վրիժառու բազուկները, քարտէսներ եւ այլն…

Դասախօսութենէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան Չուգասըզեանի հետ զրուցելու եւ շարունակելու քննարկումները:

 

 

 

Նախորդը

ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԴԷՄ (4-1)

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.