Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրի Պետական Շէնքէն Կը Վերցուին Հայերէն Եւ Ասորերէն Գրութիւնները

December 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sur_121216

«Ակօս» եւ «Էրմենիհապեր» կը հաղորդեն, որ Տիգրանակերտի Սուր շրջանի քաղաքապետարանի շէնքին վրայ դրուած էր քառալեզու` թրքերէն, քրտերէն, հայերէն եւ ասորերէն ցուցանակ մը, որ սակայն վերջերս պետութեան կողմէ նշանակուած վերահսկիչին հրահանգով փոփոխութեան ենթարկուած է:

Արդարեւ, փոփոխութիւններէն ետք, ցուցանակէն անհետացած են հայերէն եւ ասորերէն գրութիւնները, իսկ անոնց փոխարէն աւելցուած է թրքական դրօշակը:

Նշենք, որ 2012-ին Սուրի քաղաքապետարանը տուած էր «բազմալեզու քաղաքապետարան» ստեղծելու որոշում, որմէ ետք, քաղաքապետարանին մէջ մինչ այդ օգտագործուող թրքերէնին եւ անգլերէնին կողքին աւելցուած էին քրտերէնը, հայերէնը, արաբերէնն ու ասորերէնը: Նշուած լեզուներով ցուցանակներ տեղադրուած էին քաղաքապետարանի կեդրոնը հանդիսացող Սուրի շարք մը վայրերուն մէջ:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վագըֆներու ընդհանուր վարչութիւնը մօտաւորապէս 40 միլիոն թրքական լիրա (մօտաւորապէս` 12 միլիոն տոլար) տրամադրած է Սուր շրջանին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն պատճառով մեծ վնասներ կրած պատմական բազմաթիւ կառոյցներու վերականգնման աշխատանքներուն: Գումարը պիտի տրամադրուի Սուրի 11 պատմական կառոյցներու, որոնց մէջ կան նաեւ հայկական կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներ, որոնք, յատկապէս անցեալ տարի մեծ վնասներ կրած էին թուրք-քրտական զինուորական գործողութիւններուն պատճառով: Արդարեւ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ռումբ մը պայթած էր, եւ ամբողջութեամբ աւերուած էին եկեղեցւոյ զանգակատունը, ճակատային պատերը ու քահանայատունը:

Վերաշինութեան ընթացքին պիտի պահպանուի եկեղեցիներուն սկզբնական դիմագիծը: Այս ուղղութեամբ կարգ մը աշխատանքներ արդէն իսկ սկսած են, իսկ աւարտը նախատեսուած է 2018-2019-ին:

 

Նախորդը

Սուրիական Ֆուա Եւ Քաֆարիա Շրջաններու Բնակիչներ Տարհանող Փոխադրակառքեր Հրկիզուած Են

Յաջորդը

Սելինա Տողան Կը Քննադատէ Փոխվարչապետին «Կեաւուր» Արտայայտութիւնը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի  Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու  Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

January 17, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները  Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ  Երկաթուղային Հատուածը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ Երկաթուղային Հատուածը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.