Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սելինա Տողան Կը Քննադատէ Փոխվարչապետին «Կեաւուր» Արտայայտութիւնը

December 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

dogan_121416

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն` Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան, 12 դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ խիստ ելոյթ մը ունենալով` քննադատեց երկրի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ նախատական կամ անհանդուրժողական արտայայտութիւն ունեցող քաղաքագէտները, որոնք 15 յուլիսի պետական հարուածէն ետք զանազան առիթներով թիրախ դարձուցած են փոքրամասնութիւնները: Ան ըսաւ. «Մենք այլեւս այս երկրին մէջ բոլոր ժամանակներու կասկածելիները չենք ուզեր նկատուիլ: Իշխանութեան ձեր նախկին ընկերակիցին կողմէ գործուած սխալներուն պատասխանատուութիւնը` (փոխվարչապետ) Նուման Քուրթուլմուշին բառերով` «կեաւուր»-ներուն վրայ մի՛ բեռցնէք»:

Տողան խորհրդարանին մէջ այս ելոյթը ունեցաւ, երբ կը խօսուէր գաղթի վարչութեան ամավարկին մասին: Հայ երեսփոխանը իբրեւ օրինակ յիշեց ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընը հսկողութեան տակ առնելը: Պրանսըն, որ 22 տարիէ ի վեր Թուրքիա կը գտնուի, 7 հոկտեմբերին հսկողութեան տակ առնուեցաւ ու աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր  բանտարկուած կը մնայ: Տողան յիշեցուց, որ արտակարգ վիճակի մէջ իսկ, հսկողութեան տակ պահուելու առաւելագոյն ժամանակը 30 օր է, ուրեմն ո՞ր օրէնքի լոյսին տակ է, որ 64 օրէ ի վեր հսկողութեան տակ կը պահուի յիշեալ հոգեւորականը:

Տողան նաեւ ըսաւ, որ պետական հարուածի փորձէն ետք, իշխանական կուսակցութեան անդամ չեղողները սկսած են կասկածելիներ նկատուելու: Ան յիշեցուց, որ իշխանամէտ թերթերէն մէկը նոյնիսկ պատասխանատուութիւն բեռցնել փորձած է Յունաց պատրիարքարանին վրայ, իսկ ուրիշ մըն ալ պնդած է, թէ Ֆեթհուլլա Կիւլեն հա՛յ է: «Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ան հայ ըլլար», հարց տուաւ Տողան եւ աւելցուց, թէ այս գծով վերջին օրինակը եկաւ անտառներու պահպանութեան նախարար Վէյսել Էրօղլուէն, որ ըսած էր, որ եթէ Կիւլեն մեռնի Ամերիկայի մէջ, ան պիտի թաղուի հրեաներու գերեզմանատան մէջ:

«Յարգելի՛ երեսփոխաններ, մենք` իբրեւ այս երկրի փոքրամասնութիւնները, անհանգի՛ստ ենք: Ինչպէս «Քազապլանքա» նշանաւոր ժապաւէնին մէջ, ուր կտրուկ կերպով կը հրահանգուի հաւաքել բոլոր ժամանակներու կասկածելիները, մենք չե՛նք ուզեր բոլոր ժամանակներու կասկածելիները նկատուիլ», եզրակացուց Տողան:

Նախորդը

Սուրի Պետական Շէնքէն Կը Վերցուին Հայերէն Եւ Ասորերէն Գրութիւնները

Յաջորդը

Գերիներու, Պատանդներու Եւ Անյայտ Կորածներու Հարցերով Զբաղող Յանձնախումբի Նիստ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի  Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու  Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

January 17, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները  Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ  Երկաթուղային Հատուածը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ Երկաթուղային Հատուածը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.