ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թրքական եւ ազրպէյճանական շրջանակները դժգոհ էին վերջին յօդուածէս, ուր ես վերլուծած էի նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենսի հեռաձայնային զրոյցը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ:
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է Էլմիրա Թարիվերտիեւայի` «Երեւանի ձախողած հեռաձայնային զանգը կամ` ինչո՞ւ Թրամփը չպատասխանեց» խորագիրը կրող ծիծաղելի յօդուած մը: Թարիվերտիեւան «Թրենտ» գործակալութեան ռուսական ծառայութեան ղեկավարն է:
Ազրպէյճանական յօդուածը լի է անիմաստ ու կեղծ պնդումներով: Հեղինակը, որ սահմանափակ գիտելիքներ ունի ամերիկեան քաղաքականութեան մասին, Փենս-Սարգսեան հեռաձայնային զրոյցը կ՛անուանէ` «աղէտ»: Ան սխալմամբ կը պնդէ, որ Փենս պարզապէս պատասխանած է Սարգսեանի զանգին: Մինչդեռ նորընտիր փոխնախագահ Փենս ի՛նք հեռաձայնած է Սարգսեանին:
Իսկական աղէտը այն է, որ չափազանց հարուստ Ազրպէյճանի նախագահը չէր կրնար հեռաձայնել նորընտիր նախագահ Թրամփին կամ նորընտիր փոխնախագահ Փենսին` առանց բարձր վճարուող ուաշինկթընեան լոպիիստներու միջնորդութեան…
Ազրպէյճանցի լրագրողը կը շարունակէ աւելի մեծ վրիպումներ թոյլ տալ` պնդելով, որ Հիլըրի Քլինթընի պարտութիւնը «մեծ հիասթափութիւն էր Երեւանի համար: Յայտնի է, որ Քլինթըն բաւականին սերտ կապեր կը պահպանէր Միացեալ Նահանգներու հայկական մեծ սփիւռքի հետ»: Էլմիրա ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ սփիւռքի մասին շատ բան գիտէ: Հակառակ անոր կեղծ պնդումներուն` հայերու մեծ մասը չէ աջակցած Քլինթընի…
Թարիվերտիեւան նաեւ կը պնդէ, որ Երեւան հիասթափուած է, որովհետեւ Թրամփ աւելի շատ ծանօթ է Ազրպէյճանի` նկատի ունենալով այդ երկրին մէջ անոր ներդրումները: Իմ կարծիքով, շատ կանուխ է նման յաւակնոտ եւ ինքնանպատակ ենթադրութիւններ ընել: Ընդհակառակն, Թրամփ բազմաթիւ պատճառներ ունի աւելի կոշտ ըլլալու Ազրպէյճանի հետ` բռնապետական վարչակարգի, մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու եւ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներու շարքերուն մէջ բազմաթիւ ազրպէյճանցիներու մասնակցութեան պատճառով: Զաւեշտական է պնդել, որ Թրամփ աւելի բարեհաճ կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի նկատմամբ` 323 հազար 150 տոլար արտօնավճարի պատճառով, որ ան կը ստանայ իր սեփականութիւնը չհանդիսացող Պաքուի «Թրամփ թաուըրէն»…
Մէկ այլ, աւելի լկտի յօդուած գրած էր Ալեքսանտր Մուրինսըն, որ ո՛չ ազրպէյճանցի է, ո՛չ ալ թուրք, սակայն որոշակի կասկածելի պատճառներով, տարիներու ընթացքին գրած է շարք մը հակահայկական ճամարտակութիւններ` տարբեր հրապարակումներու մէջ: Մուրինսըն իր «Լինքըտին» էջին վրայ այսպէս կը ներկայացնէ ինքզինք. «Այժմ կը փնտռեմ նոր [աշխատանք] հնարաւորութիւններ… Ազրպէյճանա-թուրք-իսրայէլեան համագործակցութեան փորձագէտ… Կը համարուիմ Ազրպէյճանի հրեաներու յառաջատար փորձագէտ»: Մուրինսըն կ՛աշխատի Ուաշինկթընի անյայտ «BAU (Bahcheshehir) միջազգային համալսարան»-ին մէջ, որ վերջերս հիմնադրուած է թուրք միլիառատէր Էնվեր Եուչելի կողմէ:
Նոր աշխատանք գտնելու եւ իր «Հայկական լոպիի թոյլ կապերը նորընտիր նախագահ Թրամփի հետ» վերնագիրով յօդուածը հրապարակելու համար Մուրինսըն կը փորձէ հաճոյանալ աջակողմեան «Տի Արմինիըն Սփեքթէյթըր» կայքին այն կեղծ պնդումներով, ըստ որոնց, հայերը դէմ են Թրամփի, հետեւաբար հակապահպանողական են:
Ես ծրագրած էի Մուրինսընի յայտարարութիւնները կէտ առ կէտ հերքել, սակայն որոշեցի ձգել, որ ինք իր բառերով բացայայտէ իր կեղծ դատողութիւնները: Ահա անոր անիմաստ մտքի «գոհար»-ներէն քանի մը հատը.
– Ամերիկեան «հայկական լոպիի օրակարգը մեծապէս կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն եւ, որքան ալ տարօրինակ է, Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն շահերուն…»:
– «Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու առանցքային եւ անփոխարինելի դաշնակիցն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ…»:
– «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպիի խոր մտահոգութեան եւ հիասթափութեան հիմքը կրնայ ըլլալ Տանըլտ Թրամփի նախագահ ընտրուիլը: Տարածաշրջանի դիտորդներու համար գաղտնիք չէ ամերիկահայ գործիչներու կողմէ Թրամփի դէմ ուղղուած աղտոտ քարոզարշաւը: Առցանց քարոզարշաւի մէջ հպարտութեամբ կը յայտարարուէր, որ հայ աստղեր Շեր եւ Քիմ Քարտաշեան կ՛ընեն «հնարաւոր ամէն բան» ընդդէմ Թրամփի, իսկ հայամէտ հռչակաւոր Ամալ Քլունի, որուն յաճախորդներու տարօրինակ ցուցակին մէջ ընդգրկուած եղած են Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Ճուլիան Ասանժը, ղեկավարած է Թրամփին դէմ ուղղուած նախաձեռնութիւնները, իր ամուսնոյն` Ճորճին հետ»:
– «Կը թուի, որ հայերու մտահոգութեան պատճառը այն է, որ Տանըլտ Թրամփ պարտական չէ Ուաշինկթընի բնորոշ յատուկ շահեր ունեցող խումբերու ցանցին: Ան կրնայ տարածաշրջանին մէջ իրականացնել աւելի խորաթափանց մօտեցում` մեկնելով ոչ թէ որոշակի լոպիի, այլ` Ամերիկայի ազգային շահերէն: Ան նոյնիսկ կրնայ սթափ հայեացք նետել Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական քաղաքական ուռճացուած ազդեցութեան վրայ եւ նկատել անոր աւելի ու աւելի ակնյայտ անպատեհութիւնը»:
– «Արտաքին գործոց յաջորդ նախարարը պէտք է տարբերի Մասաչուսեցի երբեմնի հայամէտ ծերակուտական Ճոն Քերրիէն, որ կ՛աջակցէր իր հայ բարեկամներուն…»:
Հաշուի առնելով նման անվերջ յարձակումները` ամերիկահայ քաղաքական կազմակերպութիւնները պէտք է վճռականօրէն հակազդեն նենգ ու զրպարտչական բոլոր յօդուածներուն` գրուած Էլմիրա Թարիվերտիեւայի, Ալեքսանտր Մուրինսընի եւ անոնց նմաններուն կողմէ: Ժամանակն է ստեղծել հայկական հակազրպարտչական յանձնախումբ…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ