Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինուորներու Հատուցման Նախագիծը Երկրորդ Ընթերցումով Ներկայացուած Է Ազգային Ժողովի Քննարկման` Պարտադիր Բաղադրիչով

Դեկտեմբեր 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aj_121316

Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով կը քննարկէ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինուորներու  կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքի նախագիծերու ծրարը:

Հիմնական զեկուցող, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ օրէնսդրական նախաձեռնութեան վերաբերեալ պատգամաւորները կատարած են կարգ մը դիտողութիւններ եւ որոշ դրոյթներու գծով իրենց մտահոգութիւնը յայտնած, եւ անոնց համապատասխան պարզաբանումներ տրուած են օրէնսդրական նախաձեռնութեան առաջին ընթերցումով քննարկման ատեն: «Այնուամենայնիւ, մենք անգամ մը եւս անդրադարձած ենք գրաւոր ներկայացուած բոլոր առաջարկներուն, որուն արդիւնքով անոնց մէկ մասը ընդունուած է, իսկ միւսները չեն ընդունուած համապատասխան պատճառաբանութիւններով», նշած է Վիգէն Սարգսեան: Ան աւելցուցած է, որ քննարկումներ կատարուած են նաեւ հասարակութեան գրեթէ բոլոր խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ` հասկնալու համար իրենց դիրքորոշումները, մօտեցումները եւ առաջարկները` ներկայացուած նախագիծերուն վերաբերեալ: «Ներկայացուած առաջարկները կը  վերաբերին օրէնքի յետադարձ ուժի, յառաջատուական վճարման սկզբունքի կիրարկման, ինչպէս նաեւ վճարման ենթակայ գումարները  այլ աղբիւրներէ հաւաքագրելու գաղափարին», յայտնած է Սարգսեան:

Անդրադառնալով օրէնքին յետադարձ ուժ տալու առաջարկներուն` նախարարը ըսած է, որ օրէնքի նախագիծին նպատակն է ներդնել ապահովագրական համակարգ, որ պէտք է ուժի մէջ մտնէ օրէնքի ուժի մէջ մտնելէն ետք ծագած յարաբերութիւններուն վրայ, իսկ մինչ օրէնքի ուժի մէջ մտնելը տեղի ունեցած դէպքերուն համար հատուցումը կրնայ կատարուիլ բացառապէս օգնութեան կարգով` կապուած հիմնադրամի ֆինանսական միջոցներուն հետ: Յառաջատուական վճարման սկզբունքի վերաբերեալ կատարուած առաջարկներուն գծով նախարարը նկատել տուած է, որ, օրէնքի նախագիծին համաձայն, դրոշմանշային վճարումը անձերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէ վճարուող պարտադիր վճարում է, եւ անձի կողմէ աշխատավարձի միջոցով ստացուած եկամուտի չափին հետ առնչութիւն պէտք չէ ունենայ: Վիգէն Սարգսեան աւելցուցած է, որ նախատեսուող վճարման ենթակայ գումարները այլ աղբիւրներէ հաւաքելու գաղափարը յառաջ տանելու փորձէն առաջ անհրաժեշտ է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի պետական պիւտճէ եղած պարտադիր վճարումի միջոցով ապահովագրական համակարգ ներդրելու` նշելով, որ այդ առումով բոլոր կարելի այլ աղբիւրները կրնան օժանդակ աջակցութիւն ունենալ: Ան անգամ մը եւս վստահեցուցած է պատգամաւորները, որ օրէնքի նախագիծի ընդունման իբրեւ արդիւնք պիտի ներդրուի զինուորներու կեանքին եւ առողջութեան հասած վնասներու հատուցման, հասարակութեան վստահութիւնը վայելող պարզ, թափանցիկ եւ արդիւնաւէտ համակարգ, որուն իբրեւ արդիւնք միանուագ վճարուող ապահովագրական գումարներու չափերը ներկայիս տրամադրուող գումարներու չափերու համեմատութեամբ կը բարձրանան բազմապատիկ անգամ: Ըստ նախարարին ասիկա իր հերթին խթան պիտի հանդիսանայ վտանգուած պայմաններու մէջ ծառայող զինուորներու բարոյահոգեբանական վիճակի բարձրացման համար: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձած է նաեւ օրէնքի նախագիծը կամաւոր սկզբունքով ընդունելու առաջարկներուն եւ այդ նիւթին վերաբերող քննարկումներուն:

«Այդ քննարկումներուն արդիւնքով անընդհատ օրինակ կը տրուէր «Մարտիկ» հիմնադրամը, որ իր գործունէութեամբ, կարծես թէ, այնպէս մը ստուերած է այս գաղափարը, որ անկարելի է այլեւս մարդոց համոզել անոր արդիւնաւէտութեան մէջ եւ պէտք է կամաւոր իրականացուի: Ես բոլոր առկայ բաց աղբիւրներուն մէջ մանրամասնութեամբ ուսումնասիրած եմ «Մարտիկ» հիմնադրամի հրապարակած հաշուետուութիւնները: Պէտք է ըսեմ, որ «Մարտիկ» հիմնադրամի պարագային պատկերը բաւական մտահոգիչ է, որովհետեւ երկար տարիներու գործունէութեան ընթացքին  հիմնադրամի նուիրատուներուն թիւը որեւէ տարի չէ գերազանցած 7 հազարը: Նուիրատուներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը եղած են  զինուորները եւ անոնց ընտանիքի անդամները: Բոլոր տարիներուն ընթացքին հաւաքագրուած գումարները կազմած են 1 միլիոն 200 հազար տոլար: Բոլոր այդ գումարները անձեռնմխելի են եւ դրուած են դրամատուներուն մէջ` հիմնադրամի հաշիւներուն, որեւէ կոպեկ այդ մայր գումարէն չէ ծախսուած: Հիմնադրամէն որոշակի աջակցութիւն տրուած է ընկերային խնդիրներ ունեցող զինուորներու ընտանիքներուն: Ես ասիկա կ՛ըսեմ` ցոյց տալու համար, որ միշտ չէ, որ ակնյայտ թուացող լուծումը ամէնէն արդիւնաւէտն է: Մենք ընտրած ենք այս մօտեցումը, երբ, կարեւոր նկատելով այս գաղափարը, առանձին տողով կարելիութիւն ստեղծած ենք իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, որ ապրիլեան պատերազմի օրերուն դրսեւորած կամքին տրուի իրաւական եւ կազմակերպուած լուծում», եզրափակած է նախարարը` ընդգծելով, որ խօսքը կը վերաբերի բացառապէս մարտական գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած զինուորներու հատուցման:

Նախորդը

Յայտնի Չէ, Թէ Ե՛րբ Ֆրանսա Պիտի Ընդունի Ցեղասպանութեան Հերքումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Յաջորդը

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնը Կը Վստահի «Էքսոն Մոպիլ»-ի Գործադիր Տնօրէնին

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?