Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համպուրկի Մէջ Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպում

Դեկտեմբեր 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arm-az_121016

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Էլմար Մամետեարով հանդիպում ունեցած են` Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ Սթեֆան Վիսքոնթիի մասնակցութեամբ:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ` երէկ (8 դեկտեմբերին) Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներու հանդիպումը», յայտնած Է Բալայեան:

Աւելի կանուխ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 23-րդ նիստի ծիրին մէջ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 8 դեկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս հանդիպում մը ունեցաւ համանախագահներուն հետ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը` աւելցնելով. «Հայաստանի ապակառուցողական քաղաքականութեան եւ համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած` նախարարներու մակարդակով եւ «2+3» ձեւաչափով (Ազրպէյճան, Հայաստան + Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա) հանդիպումէն անոր խուսափելուն պատճառով, կարելի չեղաւ այդ հանդիպումը կայացնել»:

Իր կարգին, Մամետեարով նախարարներու խորհուրդի նիստին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի տագնապի ներկայ իրավիճակի պահպանումը անընդունելի է` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ ԵԱՀԿ-ը առանցքային դեր կը խաղայ այդ տագնապին լուծման մէջ:

Ան պնդեց, թէ «Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման շարունակումը հրահրած է ապրիլին տեղի ունեցած բախումները` հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին մէջ»:

Նալբանդեան Համպուրկէն. «Ազրպէյճանի Մօտեցումներուն Մէջ
Ոչինչ Փոխուած Է»

Համպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու 23-րդ խորհուրդի նիստին խօսք առած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ գնահատած է ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութիւնը ստանձնելէն ի վեր գերմանական նախագահութեան նուիրուածութիւնը` երկխօսութեան եւ համագործակցութեան` եւրոպական անվտանգութեան առկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար առաւել քան կարեւոր նկատելով երկխօսութեան նոր ոգի հաղորդելը: «Տագնապները կանխարգիլելու եւ վստահութիւն կառուցելու իր պատմական յանձնառութեամբ ԵԱՀԿ-ն պէտք է հիմնական հարթակ հանդիսանայ անվտանգութեան տարբեր մօտեցումները եւ ընկալումները հաշտեցնելու համար: Ի վերջոյ այս կազմակերպութեան գոյութեան իմաստն է` թոյլ չտալ Եւրոպայի մէջ նոր պատերազմի ծագումը», շեշտած է ան:

Ան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ներգրաւուելու սպառազինութիւններու վերահսկման բանակցութիւններուն մէջ, որովհետեւ անոր հիմնական նպատակը ուժ չգործածելն է, որովհետեւ այդ մէկը կը վտանգէ շրջանը, ինչպէս նաեւ լուրջ հարուած կը հանդիսանայ խաղաղութեան ամէն տեսակ հոլովոյթի: «Բոլոր անոնք, որոնք ուժի կիրարկումը կը տեսնեն իբրեւ  միակողմանի առաւելութիւններու հասնելու կարելիութիւն, պէտք է խստօրէն զգուշացուին, որ ատիկա զերոյական արդիւնքով խաղ է, որ  կրնայ կործանել այն ամէնը, որ ձեռք բերուած է երկար տարիներու  բանակցութիւններու միջոցով` լրջօրէն վնասելով կողմերուն միջեւ կամուրջներ կառուցելուն ուղղուած հետագայ ջանքերուն», շեշտած է նախարարը:

Ապա Էդուարդ Նալբանդեան լուսարձակի տակ առած է ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, շեշտը դրած է անոր վտանգաւոր ըլլալուն եւ առկայ ամէն տեսակի համաձայնութիւն խախտելուն վրայ: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այդ յարձակումին ընթացքին գործադրուած են այնպիսի արարքներ, որոնք ամբողջովին կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքներու ամէն տեսակի սկզբունք: «Երբ ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւնները խստօրէն կը դատապարտէին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ իրականացուող վայրագութիւնները, անոնցմէ շատերը նոյնիսկ չէին պատկերացներ, որ նմանատիպ զազրելի յանցագործութիւններ կրնան կատարուիլ ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ, ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկրի մը կողմէ: Այս վայրագութիւններու, ներառեալ` գլխատումներու պատկերները  փառաբանուեցան ազրպէյճանական լրատուական միջոցներով», ըսած է Նալբանդեան: Դիտել տալով, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր յարակից շրջաններու 24 հայկական գիւղերու բնակչութեան բռնի տեղահանութեան 25-ամեակը` Նալբանդեան հաստատած է, որ ապրիլին եւս խաղաղ բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ «Ազրպէյճանի մօտեցումներուն մէջ ոչինչ  փոխուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման ձգտումը արդարացի էր ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ` ներկայիս»:

Այս բոլորին լոյսին տակ նախարար Նալբանդեան հաստատած է. «Ապրիլի քառօրեայ զինուորական գործողութիւնները Պաքուի կողմէ  որդեգրած երկարամեայ քաղաքականութեան գագաթնակէտն էին: Բազում գործօններ կը պարզեն, որ Ազրպէյճանը վաղուց ընտրած էր  զինուորական գործողութիւններու ճամբան, եւ մենք շարունակաբար բարձրաձայնած ենք այդ մասին, այդ կարգին` Նախարարական խորհուրդի մակարդակով»: Այս գծով ան տուած է տարբեր օրինակներ, որոնք կը փաստեն այս հաստատումը, անոնց կարգին` ծանր սպառազինութեան օգտագործումը, առկայ համաձայնութիւններ չյարգելը, վստահութեան ձեւաւորման նախաձեռնութիւններու մերժումը, ստանձնած յանձնառութիւններու անտեսումը:

 

 

Նախորդը

Համաշխարհային Դրամատունը 50 Միլիոն Տոլարի Վարկ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Արցախի Մէջ Այցելած Է Պաշտպանութեան Բանակի Զօրամասեր

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?