Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Դէտերու Տեղակայման Վայրին Շուրջ Տակաւին Համախոհութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

December 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lavrov_121016

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ դէտերու տեղակայման վայրին շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ:

«Մենք շատոնց մեկնաբանած ենք ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը այն համաձայնութիւններուն ծիրին մէջ, որոնք ձեռք բերուած են Վիեննայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին: Համաձայնութիւններէն առաջինը կը վերաբերէր զինադուլի վերահաստատման: Կրակոցը դադրեցուած է, սակայն, դժբախտաբար, այսօր այդ տեսանկիւնէն տակաւին խախտումներ կան», ըսած է Լաւրով: Ըստ անոր, բարձր կը գնահատեն ԵԱՀԿ-ի դիտարկումի առաքելութիւնը շփման գիծին վրայ:

Լաւրով նշած է, որ համաձայնութիւն գոյացած էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի դէտերու թիւի յաւելման հարցին շուրջ:

«Այդ թիւը մեծ չէ, խումբի անդամներուն թիւը աւելցած է 7-ով, իսկ խումբը բաւական համեստ թիւ ունի, որքան գիտեմ` 12 հոգիէ բաղկացած է: Այո՛, մենք կը կարծենք, որ այդ համաձայնութիւնները պէտք է ամրապնդուին ԵԱՀԿ-ի որոշումներով, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է համախոհութիւն: Դէտերու թիւի յաւելման հարցին հետ կապուած համախոհութիւն կայ, սակայն, թէ ո՛ւր պէտք է տեղակայուին, տակաւին համախոհութիւն չկայ: Ես, շատերու նման կը կարծեմ, որ անոնք պէտք է տեղակայուին շփման գիծին երկայնքով», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

«Ուիքիլիքս» Գաղտնազերծած Է Էրտողանի Փեսային` Հայաստանի Վերաբերող Նամակագրութիւնը

Յաջորդը

Համաշխարհային Դրամատունը 50 Միլիոն Տոլարի Վարկ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.