Համպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու 23-րդ խորհուրդի ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 8 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման առնչուող շարք մը հարցերու: Այս առումով Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճան արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` այդպիսով խոչընդոտելով բանակցային հոլովոյթի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծումը:
ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու 23-րդ խորհուրդի նիստին, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, նախարարները քննարկած են այս հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի որոշումներու կատարման ընթացքը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան համադրման հարցեր:
Հանդիպման մասնակիցները միտքեր փոխանակած են ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի օրակարգային հարցերուն շուրջ, անդրադարձած համաշխարհային եւ շրջանային խնդիրներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն: