
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան յայտնած է, որ անհրաժեշտ է արեւմտահայերէնի զարգացման կեդրոնի ստեղծումը` դիտել տալով. «Լեզուն կորսուած հայրենիքի պահպանման դրուագ մըն է»:
Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի դասապահերը բաւարար չեն. արաբական երկիրներէ Հայաստան եկած շուրջ 16 հազար հայեր կրթական համակարգին մէջ ներգրաւուելու խնդիր ունին:
«Պատասխանատուութիւնը մեր վրայ է, պետութիւնը պատասխանատուութիւն ունի համայն հայութեան առջեւ: Տեսնենք. համապատասխան ֆինանսական աղբիւրներ գտնելու պարագային գուցէ աւագ դպրոցի նման կառոյց մը ստեղծենք», ըսած է նախարար Լեւոն Մկրտչեան` աւելցնելով, որ արդէն նախարարութիւնը ներդրող գտած է Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի դպրոցին համար:
Ապագային նախարարութիւնը կ՛ուզէ վերափոխել զայն ու դարձնել երկլեզու մշակութային կեդրոն (արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն):
«Նման կեդրոն մը շատ կարեւոր է նաեւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման համար` արդէն արեւմտահայերէնի ու հայոց լեզուի դասական ուղղագրութեան հիման վրայ: Այդ ուղղագրութիւնը պահպանելը մեր պարտականութիւնն է», շեշտած է նախարարը:


