Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՓԸԼ»Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՍԹԻՒ ՃՈՊԶ ՄԱՀԱՑԱՒ

October 7, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սթիւ Ճոպզ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ համակարգիչի «Ափըլ» ընկերութեան հիմնադիր եւ նախկին ղեկավար Սթիւ Ճոպզ չորեքշաբթի գիշեր մահացած է: 56-ամեայ Ճոպզ մահացած է ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղէն:

«Ափըլ»ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «այսօր ամբողջ աշխարհը կորսնցուց հանճարեղ եւ հրաշալի մարդ մը…: Սթիւ Ճոպզ իր ետին ձգած է ընկերութիւն մը, որ կրնար հիմնադրել միայն անոր տարողութեամբ մարդ մը: Անոր հոգին միշտ պիտի ղեկավարէ մեր գործողութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա` անդրադառնալով Ճոպզի մահուան, յայտնեց, որ «ան վստահ էր, որ կրնայ աշխարհը փոխել»: Պիլ Կէյց յայտնեց, որ «անոր ազդեցութիւնը տակաւին շատ սերունդներ պիտի զգան», իսկ «Տել» ընկերութեան հիմնադիր Մայքըլ Տել նշեց, որ «Սթիւ Ճոպզի ժառանգութիւնը պիտի մնայ յաջորդ սերունդներուն յիշողութեան մէջ»:

Յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ Ճոպզի կենսագրութիւնը` «Սթիւ Ճոպզի գիրքը»: Գիրքի հեղինակն է «Սի. Էն. Էն.»ի նախկին ընդհանուր տնօրէն եւ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթի խմբագիր Վոլթըր Այսաքսըն:

Սթիւ Ճոպզ ծնած է 1955-ին` Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Մաունթըն Վիու փոքր քաղաքին մէջ: Անոր կենսաբանական ծնողներն են Սուրիայէն գաղթականներ Ճոաննա Շիպլ եւ Ապտուլֆաթթահ Ճոն Ճանտալի: Սակայն Ճոպզի ծննդեան առաջին շաբաթէն սկսեալ զայն մեծցուցած ու դաստիարակած են Փոլ Ճոպզ եւ անոր ազգութեամբ հայ կողակից Քլարա Յակոբեան: «Իմ ծնողքս անոնք են», կ՛ըսէր Ճոպզ:

Քլարա Միացեալ Նահանգներ գաղթած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք` Թուրքիոյ Մալաթիա նահանգէն: Ճոպզի կենսագրութիւնը ներկայացնող գիրքին մէջ կը նշուի, որ Քլարայի հայրը` Լուիս Յակոբեան, ծնած է Մալաթիա 1894-ին, իսկ մայրը` Վիքթորիա Արթինեան` Իզմիր, 1894-ին:

Նախորդը

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ «ԳՐԱՒԷ՛ ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ»Ը ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ Կ՛ԸՆԴԼԱՅՆԻ

Յաջորդը

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄ ԴԱՌՆԱԼ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.