Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիտի Մշակուի Օտար Լեզուներու Դասաւանդման Հայեցակարգը

Դեկտեմբեր 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_120516

19 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են վերջին երկու ամիսներուն կատարուած աշխատանքներուն հաշուետուութիւնները: Մատնանշելով այն, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ կան կրթութեան մարզէն` վարչապետը նշած է կարգ մը հարցադրումներ, որոնց կարգին այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ երեխան կարենայ տիրապետել երեք լեզուներու:

Վարչապետի յանձնարարականի կատարման նպատակով, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի հրամանով ստեղծուած է Օտար լեզուներու դասաւանդման հայեցակարգ մշակելու աշխատանքային խումբ, որ 5 դեկտեմբերին գումարած է իր անդրանիկ նիստը, որուն բացումը կատարելով` կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ օտար լեզուներու դասաւանդման հայեցակարգի մշակման նպատակով վերոնշեալ խումբը պիտի ձեւաւորէ նաեւ տարբեր լեզուներու առանձին աշխատանքային խումբեր` մասնաւորապէս անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, գերմաներէնի:

Ըստ նախարարին, պէտք է յստակացնել հանրակրթական դպրոցներուն մէջ օտար լեզուներու դասաւանդման խնդիրը` օտար լեզուներու մասնագիտական դպրոցներու, չափորոշիչներու յստակացման, օտար լեզուի դասապահերու յստակ բաշխման, ուսուցիչներու վերապատրաստման ձեւաչափի փոփոխութեան  եւ այլն: Ընդգծուած է օտար լեզուներու ուսուցիչներուն ներկայացուող պահանջներու յստակացման եւ համապատասխան մեթոտաբանութեան մշակման խնդիրը:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Մէջ Հրթիռ Ինկած Է, Վնասներ Չկան

Յաջորդը

Հայաստան Իրանի Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Իւրայատուկ Տեղ Կը Գրաւէ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?