ՖՐԻՏԻՈՖ ՆԱՆՍԵՆ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ
Հայրենակից մը վերջերս «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հրատարակած էր նամակ մը, որով կը թելադրէր մասնաւոր նամակադրոշմ մը հրապարակ հանել այս տարի Ամերիկայի թղթատարական սպասարկութեան կողմէ, ի յիշատակ նորվեկիացի անուանի մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի, որուն ծննդեան հարիւրամեակն է այս տարի, հոկտեմբեր 10-ին:
Նորվեկիոյ մէկ բարեսիրական միութիւնը նախաձեռնարկ եղած է այս հարիւրամեակին, եւ` որոշած, ի յիշատակ Նանսենի, հայկական ծերանոց մը հաստատել Սելանիկի մէջ, Յունաստան:
Ապահովաբար, հայ ժողովուրդը եւս յարգանքի ցոյցեր պիտի կազմակերպէ` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով այն արտասովոր անձնաւորութեան, որ մեր պատմութեան ամէնէն ողբերգական մէկ շրջանին քաղաքակիրթ մարդկութեան խիղճը կը ներկայացնէր մեր մէջ:
Իր յիշատակը մեր ժողովուրդին մէջ կ՛արթնցնէ տրտում արձագանգներ անցեալ թշուառ կեանքի մը, որ այնքան տառապանք պատճառեց: Ու մինչեւ այսօր, տարբեր ձեւով մը, կը շարունակուի` «սպիտակ ջարդի» ողբերգութեամբ:
Իբրեւ բարձր յանձնակատար նախկին Ազգերու դաշնակցութեան գաղթականաց պաշտօնատան Ֆ. Նանսեն իր մարդասիրական թանկագին աշխատանքները նուիրեց մասնաւորաբար հայ եւ ռուս գաղթականներուն: Իր անունով անցագիր եւ տեսակ մըն ալ «քաղաքացիութիւն» շնորհուեցան հայքաթլոս (հայրենազուրկ) որակում ծանօթ բազմութեանց:
Անզօր «իշխանութիւն» մը ունէր, որ տեղ մը գթութիւն եւ ուրիշ տեղ բարոյական հեղինակութիւն փորձելով` կը ջանար մեղմել անմեղմելին. հայրենիքի պաշտպանութենէն զուրկ մարդուն դժբախտութիւնը:
Նանսեն մօտէն հետեւեցաւ հայ կեանքին, ուսումնասիրեց մանաւանդ Ա. Համաշխարհային պատերազմին եւ անկէ ետք հայութեան ենթարկուած ողբերգութիւնը: Մարդկայնական լուրջ, ազնուական շունչով նկարագրեց մեր ժամանակակից կեանքին պատմական անցքերը` իր «Մերձաւոր Արեւելք եւ Հայաստան» պատկառելի գործին մէջ, որ հսկայ վկայութիւն մըն է, որքան մեր թշուառութեան, նոյնքան եւ պատասխանատու պետութեանց շահախնդիր, անխիղճ վերաբերումին, հայ ժողովուրդին դառն բախտին հանդէպ:
Ֆրիտեոֆ Նանսենի հարիւրամեակը պիտի յարգուի հանդէսներով, ծերանոցով, նամակադրոշմով, կամ այլ յիշատակարաններով: Մեծագոյն յարգանքը սակայն այս զմայլելի մարդասէրին յիշատակին հանդէպ պիտի ըլլար վերջ տալ այն բոլոր եղերական պատճառներուն, որոնք հայրենազուրկ կը դարձնեն ժողովուրդները եւ ապա կը դատապարտեն զանոնք օտարութեան մէջ դանդաղ մահացման` իբրեւ ազգ…
ԳԻՍԱՒՈՐ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՐՄԱՒ
Մեծ քանակութեամբ շաքար, երկաթ եւ այլ սննդանիւթեր պարունակող պարունակող այս հրաշալի պտուղին հայրենիքը կը նկատուի Միջին Արեւելքը, յատկապէս արաբական երկիրները: Անիկա տարուած է նաեւ Վրաստան, Ազրպէյճան, Խրիմ, Կեդրոնական Ասիա, Չինաստան, Քորէա, Ճափոն եւ այլ մերձարեւադարձային երկիրներ:
Հակառակ Հայաստանի կարգ մը շրջաններու այս պտուղին համար ունեցած բարենպաստ պայմաններուն, երբեք չէր փորձուած արմաւենիներու տնկումը: Միայն 1939-ին է, որ Ազրպէյճանէն Հայաստան բերուեցան արմաւենիներու ծիլեր եւ տնկուեցան Ազոտէֆ գետի հովիտին` Իջեւանի շրջանի Ուզունթալ գիւղին մօտերը: Նորատունկ ծառերու արմատաւորումը հիանալի անցած է եւ առաջին իսկ տարին աճած են մինչեւ 180 սանթիմեթր:
Ներկայիս այս ծառերը շատ փարթամ են, անոնց բարձրութիւնը կը հասնի 6 – 7 մեթրի` իսկ սաղարթներուն տրամագիծը` հինգ մեթրի:
Ուզունթալայէն զատ, արմաւենիներ յաջողութեամբ տնկուած են Ալավերդիի, Իջեւանի եւ Մեղրիի կարգ մը գիւղերուն մէջ: Բոլոր վայրերուն մէջ ալ լաւ կ՛աճի եւ կը պտղաբերի:
