Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի մասին օրէնքի նախագիծի ծրարը` առաջին ընթերցումով ընդունելու մասին հարցը: Անիկա ընդունուեցաւ 105 կողմ ձայներով: Քուէարկութեան դրուեցաւ նաեւ «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը: Անիկա առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ 99 կողմ, 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով: