
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ շեշտեց, որ Թուրքիոյ կորուստի գինը Եւրոպական Միութեան կարողութենէն վեր է:
Ան Լոնտոնի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Ողջամիտ քաղաքագէտները, որոնք Եւրոպական Միութեան կառոյցներու շահերուն, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներուն շահերուն մասին կը մտածեն, ատոր կը գիտակցին: Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիան կորսնցնելը կը նշանակէ, որ անիկա առաւել ներամփոփ պիտի դառնայ»:
«Իրենց որոշումը թող տան եւ հաւասար գործընկերութեան հիմամբ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները շարունակեն ու մեզի հետ առողջ յարաբերութիւններ հաստատեն, այլապէս այլընտրանքը Եւրոպայի համար տխուր պիտի ըլլայ», նշեց Քուրթուլմուշ:


