Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Համարկման Հարցին Մէջ Պէտք Է Դադար Առնենք» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Նախագահը

November 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

gauck_112816

Գերմանիոյ նախագահ Եոհախիմ Կաուք գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ եւրոպական երկիրներու Եւրոպական Միութեան հետ համարկումը պէտք է կասեցուի:

Ըստ անոր, ընդմիջումը անհրաժեշտ է նպատակները յստակացնելու եւ հետագայ գործողութիւնները ծրագրելու համար:

«Ստեղծելով Եւրոպական Միութիւնը, մենք մշակեցինք հայեցակարգ մը, որուն մասին նախորդ սերունդները նոյնիսկ չէին կրնար երազել: Սակայն միաւորուելու ճամբուն վրայ մենք յաճախ չափազանց արագ կշռոյթ կ՛ընտրէինք, եւ ոչ բոլոր քաղաքացիները կ՛ուզէին կամ ի վիճակի էին հասնիլ մեր ետեւէն: Ատիկա զիս կը մտահոգէ», նշած է Կաուք` աւելցնելով. «Ապագային օգտակար պիտի ըլլայ լուծել այդ հարցերը, որոնց կարելի է ներքին լուծում տալ ազգային մակարդակի վրայ»:

Գերմանիոյ նախագահը ընդգծած է, որ բազմաթիւ մարդոց համար դիւրին չէ ապրիլ միաւորուած եւրոպական եւ համաշխարհայնացուող աշխարհի մէջ: «Ոչ բոլորը իրենք զիրենք աշխարհաքաղաքացի կը զգան: Մարդոց անհրաժեշտ է տուն, հայրենիք, անոնք կ՛ուզեն զգալ բանի մը իրենց պատկանելիութիւնը», բացատրած է ան: «Շատերը կը տառապին այն գիտակցումէն, որ մեր աշխարհը կը դառնայ միասնական օրկանիզմ», աւելցուցած է ան:

Կաուքի համաձայն, նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու բնակչութեան համոզել, որ «միասնական Եւրոպան ամուր կանգնած է ազատութեան, ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ օրէնքի գերակայութեան արժէքներուն վրայ»:

«Մենք պէտք է դադար առնենք եւ մտածենք այն մասին, թէ ի՛նչ նպատակներ կանգնած են մեր առջեւ եւ ի՛նչ կշռոյթով պիտի շարժին յառաջ», յայտարարած է Գերմանիոյ նախագահը:

6 յունիսին Կաուք յայտարարած էր, որ պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար Գերմանիոյ նախագահութեան իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ: Ան նշած էր, որ ինք ստիպուած էր «այդպիսի ոչ դիւրին որոշում» տալու իր տարիքին պատճառով` աւելցնելով, որ պիտի շարունակէ իր պարտականութիւնները կատարել մինչեւ 17 մարտ 2017` նախագահական ժամկէտի աւարտը:

Կաուք 24 յունուար 2017-ին կը դառնայ 77 տարեկան:

 

Նախորդը

«Անկարելի Է Եւրոպայի Անվտանգութիւնը Երաշխաւորել Առանց Ռուսիոյ» Կ՛ըսէ Եունքըր

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Կորուստի Գինը Եւրոպական Միութեան Կարողութենէն Վեր Է» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.