«Հարիս Ինթերաքթիֆ»-ի կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Ֆրանսայի պահպանողական «Հանրապետականներ» կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիոն յառաջիկայ տարի նախատեսուած Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան ընթացքին դիւրութեամբ պարտութեան պիտի մատնէ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենը:
Ըստ հարցախոյզին, Ֆիոն պիտի ապահովէ քուէներուն 67 առ հարիւրը, իսկ Լը Փեն` միայն 33 առ հարիւրը:
Նշենք, որ Ֆիոն կիրակի օր կեդրոն աջ «Հանրապետականներ» կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման նախնական ընտրութեան ընթացքին մեծ տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց իր մրցակից Ալեն Ժիւփէն:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի ներկայ վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտարարեց, որ մտադիր է իր թեկնածութիւնը առաջադրել` իբրեւ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու: