
Զինուորական աղբիւրներ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած են, որ սուրիական կառավարական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են արեւելեան Հալէպի մէջ երկրորդ շրջան մը: Աղբիւրները կը նշեն, որ բանակն ու անոր դաշնակից ուժերը «ամբողջութեամբ վերագրաւած» են Ժապալ Պատրոն:
Քանի մը ժամ առաջ ընդդիմադիր աղբիւրներ հաստատած էին, որ իրենք կորսնցուցած են մօտակայ Հանանօ շրջանը, որ այժմ կը գտնուի կառավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ:
Մինչ այդ, հարիւրաւոր քաղաքացիներ օգտուելով սուրիական բանակի արձանագրած յառաջխաղացքէն, սկսան արեւելեան Հալէպէն փախուստ տալով ապաստանիլ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւմտեան Հալէպ:
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ Ժապալ Պատրոյի կորուստը Հալէպի մէջ զինեալ ընդդիմութեան մինչեւ հիմա կրած մեծագոյն հարուածն է: Անոնք կը թուին արագ կերպով տեղի տալ արեւելքէն յառաջացող կառավարական ուժերուն դիմաց:
«Պի.Պի.Սի.» կ՛աւելցնէ, որ Հանանոյի վրայ վերահսկողութեան հաստատումը ռազմավարական յաղթանակ մըն է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն համար, ինչպէս նաեւ խորհրդանշական յաղթանակ մը, որովհետեւ նշեալ շրջանը 2012-ին Հալէպի մէջ զինեալ ընդդիմութեան կողմէ գրաւուած առաջին շրջանն էր: Կառավարական ուժերուն նպատակը զինեալ ընդդիմութեան կողմէ գրաւուած շրջանը երկուքի կիսելն է: Սախուր շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան բուռն բախումներ, եւ եթէ զինեալ ընդդիմադիրները այդ շրջանը եւս կորսնցնեն, բանակը իրագործած պիտի ըլլայ այդ նպատակը:
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ տեղական աղբիւրներ յայտնած են, թէ երէկ սուրիական բանակը իր վերահսկողութիւնը հաստատած է Հալէպի Պոսթան Փաշա շրջանի ամբողջ տարածքին վրայ:


