Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիելոռուսերու Սիրտը Կը Ցաւի Ղարաբաղի Համար» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

November 26, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lukashenko_112516

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ պիելոռուսերուն սիրտը կը ցաւի Ղարաբաղի համար, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Պիելոռուսիոյ դիրքորոշումը անփոփոխ է` խնդիրը կրնայ լուծուիլ բացառապէս բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան:

«Ձեզի անկեղծ կ՛ըսեմ` պիելոռուսերը ինչպէս անտարբեր չմնացին այն բանի նկատմամբ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Տոնպասի մէջ, այնպէս ալ մեր մարդոց սիրտը կը ցաւի Ղարաբաղի համար: Եւ ատիկա պատահական չէ: Չէ՞ որ մենք բոլորս` ուքրանացիները, ռուսերը, պիելոռուսերը, հայերը եւ ազրպէյճանցիները, բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ դուրս եկած ենք մեծ երկրէ մը` Խորհրդային Միութիւն անունով համերաշխ ընտանիքէ մը: Այդ պատճառով մենք պիտի ներդրենք մեր բոլոր ջանքերը, ուր որ ալ ըլլայ, խաղաղութեան, մարդոց բնական կեանքի եւ հանգստութեան հաստատման համար», ըսած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Լուքաշենքօ աւելցուցած է, որ Պիելոռուսիան պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւն տրամադրելու կողմերուն այդ տագնապին խաղաղ լուծման որոնման հարցին մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ մեր դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ` խնդիրը կրնայ լուծուիլ բացառապէս բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու համապատասխան: Ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ` Պիելոռուսիան պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւն տրամադրելու կողմերուն այդ տագնապի խաղաղ լուծման որոնման համար: Մենք կ՛ելլենք անկէ, որ մարդոց համար չկայ աւելի մեծ արժէք, քան հայրենի հողին մէջ խաղաղութիւնն ու անդորրը», ըսած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Լուքաշենքօ` պատասխանելով ղարաբաղեան տագնապին համար խաղաղարար հարթակ դառնալու մասին հարցին, նշած է, որ Պիելոռուսիան ոչ թէ «դարձած է», այլ ձեռք բերած է խաղաղարարի կարգավիճակ` հաւասարակշիռ, պատասխանատու քաղաքականութեան մը շնորհիւ, որ ամբողջութեամբ կը ծառայէ թէ՛ ազգային շահերուն, թէ՛ ալ եւրոպական շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման: Մինսքը իրաւամբ միջազգային ընտանիքին կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ առաւել յարմար հարթակ Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ իրավիճակի լուծման համար», ըսած է ան:

«Ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ մենք պատրաստ ենք հետագային ալ ապահովելու Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ որեւէ հակամարտող կողմի խաղաղեցման հարցով տարբեր ձեւաչափերով, տարբեր մակարդակներու վրայ հանդիպումներու կատարման, սակայն այն պայմանով, որ անոնք դիմեն մեզի համապատասխան խնդրանքով: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին», ըսած է Լուքաշենքօ:

Պիելոռուսիոյ նախագահը նշած է նաեւ, որ Ազրպէյճանը Պիելոռուսիոյ կարեւոր եւ յուսալի քաղաքական ու տնտեսական գործընկերներէն մէկն է:

«Մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները անցած են ժամանակի փորձութեան մէջէն եւ բերուած են ռազմավարական համագործակցութեան մակարդակի, որուն հիմերն են` թափանցիկութիւնը, վստահութիւնը, ընկերութիւնն ու փոխադարձ օգնութիւնը», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Խորհրդակցութիւն

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.