Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուղեղին Գաղտնիքներէն

Նոյեմբեր 26, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

oughegh-1_112616

Ուղեղը բարդ գործարան մըն է եւ ան երբեմն կը սիրէ մեզի հետ կատակներ ընել… Փորձենք թափանցել անոր գաղտնիքներուն մէջ:

Տեսողական պատրանքներ

oughegh-2_112616

Տեսողական պատրանքը պատկեր մըն է, զոր ուղեղը լաւ չի մեկնաբաներ: Երբ մենք կը նայինք նման պատկերի մը կամ տարօրինակ գծագրութեան մը, մեր ուղեղը կը շփոթի եւ մեզի իրականութենէն տարբեր գաղափար մը կու տայ: Ասոնք կը կոչուին «ըմբռնումի սխալներ»: Ամէն մարդ նոյն սխալները չի կատարեր. կարգ մը անձեր նոյն նկարին վրայ նոյն պատկերը պիտի չտեսնեն, հետեւաբար անոնք պիտի ունենան տարբեր տեսողական պատրանքներ:

Մոռացում

oughegh-3_112616

oughegh-4_112616

Շատերուն պատահած է յանկարծակիօրէն մոռացումի վայրկեան մը ապրիլ: Ասիկա բնական է: Մեր ուղեղը կազմուած է յատուկ ձեւով մը, եւ ան երբեմն կարգ մը տեղեկութիւններ դուրս կը ձգէ շատ չծանրաբեռնուելու համար: Երեւակայեցէք, որ ուղեղը դարակ մըն է, եթէ մենք այդ դարակին մէջ շատ բաներ դնենք, ան չի գոցուիր եւ հետեւաբար լաւ չի բանիր: Յաճախ մեր ուղեղը կը ջնջէ այն յիշատակները, որոնք լաւ չեն արձանագրուած: Օրինակի համար եթէ դուն դասերդ լաւ վերաքաղ չընես, դուն դասը դժուար միտքդ պիտի պահես: Այդ տեղեկութիւնները լաւ արձանագրելու համար, պէտք է լաւ պայմաններու մէջ գտնուիլ, պէտք է լաւ քնացած ըլլալ եւ առողջ բաներ կերած ըլլալ:

Քունը եւ երազները

oughegh-5_112616

Երբ մենք քնացող անձ մը տեսնենք, այս տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, թէ ան բան մը չ՛ըներ: Սակայն, մարմնին մէջ, անոր գործարանները կ՛աշխատին. ուղեղն ալ չի դադրիր բանելէ: Երբ մենք կը քնանանք, մենք կ՛անցնինք քունի տարբեր փուլերէ: Նախ կու գայ թեթեւ եւ դանդաղ քունի փուլը, եւ ապա խորունկ եւ դանդաղ քունը: Այս ժամանակամիջոցին է, որ մենք ամէնէն շատը կը հանգստանանք, մեր մարմինը կը վերանորոգէ ուժի իր պահեստները: Անկէ ետք կու գայ փարատոքսալ քունը: Ընդհանրապէս այս հանգրուանին է, որ մենք կ՛երազենք: Երբ մենք դիտենք քնացող անձի մը, կրնանք նշմարել, թէ ան քունի այդ փուլին մէջ է, որովհետեւ անոր կոպերուն տակ աչքերը կը շարժին, ինչպէս երբ արթուն է եւ բան մը կը դիտէ:

Աջլիկ կամ ձախլիկ

oughegh-6_112616

Մեր ուղեղին աջ կիսագունդը կը ղեկավարէ մեր մարմնին ձախ կողմը, իսկ ձախ կիսագունդը կը ղեկավարէ աջ կողմը: Առաւել, կարգ մը պաշտօններ, ինչպէս խօսակցութիւնը կամ շարժումները, վերլուծումի կ՛ենթարկուին ուղեղէն յատուկ շրջանի մը մէջ: Այս ձեւով, եթէ դուն ձախլիկ ես «շարժումի» այդ պաշտօնը կը սերտուի ուղեղիդ աջ բաժինին մէջ: Իսկ եթէ դուն աջլիկ ես, ապա գլխաւորաբար ուղեղիդ ձախ կողմին մէջ:

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ

– Շատ աւելի հազուագիւտ է ձախլիկ ըլլալը: 10 անձէն 9-ը աջլիկ են:
– Երբ կ՛արթննանք, մենք յաճախ ամբողջ գիշեր երազած ըլլալու տպաւորութիւնը կ՛ունենանք: Սակայն երազները յա           ճախ քանի մը վայրկեան կը տեւեն:
– Տեսողական պատրանքները հիմքն են շարժապատկերին: Երբ մենք ժապաւէն մը կը դիտենք, մեր ուղեղը մեզի այն տպաւորութիւնը կու տայ, թէ անձը կը քալէ. մինչ, իրականութեան մէջ, բազմաթիւ պատկերներ են, որոնք կը դառնան ետեւ ետեւի: Անոնք անշարժ պատկերներ են. անձը իսկապէս չի վազեր պաստառին մէկ կողմէն միւսը:

 

 Դասերը Ընել
Առանց Նեղանալու

– Աշխատանքի սկսելէ առաջ լաւ նախընթրիք մը ըրէ:

– Նստէ անկիւն մը, ուր աշխատիլը հաճելի է:

– Վերաքաղ ըրէ օրուան ընթացքին դպրոցը ըրած դասերդ:

– Եթէ կան մանրամասնութիւններ, զոր դուն չեն հասկցած, չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի բացատրէ:

– Դասերդ արտասանէ ուրիշ անձի մը առջեւ` վստահ ըլլալու, թէ դուն ամէն ինչ լաւ գիտես:

– Պզտիկ թուղթերու վրայ գրէ բոլոր այն կարեւոր տեղեկութիւնները, զորս պէտք է միտքդ պահես:

 

Քի՞չ Մը Ջուր

Գիտէի՞ր, որ գաւաթ մը սուրճ շինելու համար մէկ գաւաթէն շատ աւելի ջուրի կարիք կայ: Իրականութեան մէջ, մէկ գաւաթ սուրճ կարենալ շինելու համար գործածուած է 132 լիթր ջուր: Ջուրը չէ գործածուած միայն այդ մէկ գաւաթ ըմպելի սուրճը շինելու համար, այլ նաեւ ծառայած է սուրճի ծառերը ջրելու եւ սուրճի հատիկները պատրաստելու համար: Այս նոյն երեւոյթը կը կիրարկուի մեր բոլոր կերած ուտելիքներուն պարագային:

Ահա կարգ մը ուտելիքներու կարճ ցանկ մը եւ զանոնք պատրաստելու բոլոր հանգրուաններու պէտք եղած ջուրի քանակը:

tchour-1_112616

– Հացի շերտ մը` 38 լիթր

– Նարինջ մը` 49 լիթր

– Խնձոր մը` 70 լիթր

– Հաւկիթ մը` 189 լիթր

tchour-2_112616

– 455 կրամ եգիպտացորեն` 416 լիթր

tchour-3_112616

– 113 կրամ հաւի միս` 473 լիթր

– 113 կրամ պանիր` 568 լիթր

– 227 կրամ բրինձ` 848 լիթր

tchour-4_112616

– 43 կրամ տուրմ` 1200 լիթր

 

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

Աշխարհի Շուրջ
Սովորութիւններու Մասին

–  Հին եգիպտացիները սկսան ամուսնութեան մատանին ձախ ձեռքի երրորդ մատին վրայ անցընելու սովորութեան: Անոնք կը հաւատային, թէ այդ մատին մէջի երակը ուղղակիօրէն կը հասնէր սրտին:

anhavadali-1_112616

– Ամէն տարի Նորվեկիա Անգլիոյ կը ղրկէ հսկայական Կաղանդի ծառ մը, որ կը զետեղուի Լոնտոնի Թրաֆակալ Սքուէրի հրապարակին վրայ, իբրեւ շնորհակալութիւն Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Անգլիոյ հայթայթած օգնութեան համար:

– Չինաստանի մէջ տան դուռը կարմիր ներկելը բախտաբեր կը նկատուի:

– Յունաստանի մէջ պզտիկները իրենց առաջին մանուկի ակռաները կը նետեն իրենց տան տանիքը` մաղթելով բախտ, հարստութիւն եւ զօրաւոր ակռաներ:

anhavadali-2_112616

– Շատեր կը մտածեն, թէ տարեդարձի կարկանդակին վրայ մոմեր դնելու սովորութիւնը եկած է հին Յունաստանէն: Հին յոյներուն համար կարկանդակը կը ներկայացնէր լուսինը եւ մոմերը անոր փայլքը:

– Սպանիոյ մէջ սովորութիւն է ամէն օր կէսօրէ ետք «Սիէսթ» ընել: Բոլոր խանութները կը գոցուին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ 5:00, որպէսզի աշխատողները կարենան քնանալ եւ հանգիստ ընել:

– Ֆինլանտայի մէջ անքաղաքավար կը նկատեն պնակին մէջ դրուած ամէն ճաշը ուտել: Մինչ ֆիլիփիններուն մէջ անքաղաքավար կը համարուի  պնակին մէջ ուտելիք ձգելը:

anhavadali-3_112616

– Ըստ սովորութեան, Չինաստանի մէջ հարսերը պէտք է իրենց ամուսնութեան նախորդած մէկ ամիսը լան ամէն օր:

anhavadali-4_112616

– Իրար բարեւելու ընթացքին ձեռք թօթուելու սովորութիւնը եկած է հին ժամանակներէ, երբ մարդիկ ձեռք կը թօթուէին վստահ ըլլալու համար, թէ դիմացի անձը զէնք չէր պահեր ձեռքին մէջ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած եօթը գօտիները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած եօթը գօտիները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Կրնա՞ս գտնել քէչափի շիշին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել քէչափի շիշին հասցնող ճամբան:
Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Այսօր Կը Ներկայացնէ Իր Տղոց Կազմը

Յաջորդը

Եղանակի Տեսութիւն

RelatedPosts

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ
Մանկապատանեկան

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ

Նոյեմբեր 15, 2025
Հետաքրքրական.  300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Նոյեմբեր 8, 2025
Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?