Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՀԵՏ

October 6, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:

Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ հայ ժողովուրդը Պըրրին կը ճանչնայ իբրեւ բարեկամ: «Հայ լիբանանեան յարաբերութիւնները աւանդաբար բարեկամական բնոյթ կրած են: Մեզ կը միաւորեն ինչպէս մեր պատմամշակութային ընդհանրութիւնները, այնպէս ալ հայ համայնքի առկայութիւնը Լիբանանի մէջ: Այդ յարաբերութիւնները մշտապէս պահպանուած եւ ամրապնդուած են բարձր մակարդակի քաղաքական այցելութիւններով, եւ մենք ձեր այցելութիւնը կը դիտենք այդ շրջագիծին մէջ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան` խնդրելով նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին փոխանցել իր ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:

Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նպեց, որ 14 տարի ետք կրկին այցելելով Հայաստան, զգալի փոփոխութիւններ եւ յառաջընթաց կը տեսնէ եւ համոզուած է, որ Հայաստանին լաւ ապագայ մը կը սպասէ: Պըրրի կարեւոր նկատեց քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութեանց զուգահեռ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը:

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս հանդիպում ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ: Է. Նալբանդեան նաեւ նշեց Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ իրաւապայմանագրային ընդգրկուն դաշտի առկայութիւնը` ատիկա որակելով իբրեւ երկկողմանի մշտապէս զարգացող յարաբերութիւններու գրաւական:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող քաղաքական եւ առեւտրական-տնտեսական բնոյթի շարք մը հարցերու:

Երկու կողմերը առանձնակիօրէն ընդգծեցին միջխորհրդարանական համագործակցութեան կարեւորութիւնը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման համար:

Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ լիբանանահայ համայնքը կարեւոր դեր կը կատարէ երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ եւ իւրօրինակ կապող օղակ կը հանդիսանայ երկու պետութիւններուն միջեւ:

Զրուցակիցները քննարկեցին միջինարեւելեան շրջանին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ տագնապներու լուծման կարելիութիւնները:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՕԹԱՆ-Ի ՄԷԿ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

ՍԱՐՔՈԶԻ ԱՅՍՕՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.