Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

October 6, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրանուշ Յակոբեան

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ շնորհաւորեց աշխարի տարբեր երկիրներուն մէջ գործող հայկական կրթօճախներու բոլոր մանկավարժները Ուսուցիչի օրուան առիթով: Ան մեծ խոնարհումով շնորհակալական խօսք ուղղեց սփիւռքի հայկական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն եւ յայտնեց, որ ուսուցիչները մեծ սէր եւ ջերմութիւն կը ներդնեն` ստեղծելով հայ շունչն ու ոգին սերմանող դպրոցներ, որպէսզի յաջողին օտար երկրին մէջ հայ երեխաներուն մայրենի լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը սորվեցնել` դպրոցը դարձնելով հայ երեխայի փոքրիկ հայրենիքը: Նախարար Յակոբեան յայտնեց, որ շնորհիւ հայ դպրոցին հայը հայ մնացած է հայրենիքէն դուրս: Նախարար Յակոբեան գնահատեց ուսուցիչներուն ջանքերը, որոնց շնորհիւ օտարախօս միջավայրի մէջ հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը ստանան հայ սերունդները, կը սիրեն եւ կը գնահատեն մեր ոսկեղնիկ մայրենին, մեր ազգային հայրենիքի մշակոյթը եւ հազարամեակներու պատմութիւնը, հայկական բարի աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները:

«Շնորհիւ ձեր ջանքերուն է նաեւ, որ կը հաղորդուին եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին հայուն բնորոշ աշխատունակութիւնը, «քարէն հաց հանելու» կարողութիւնը, գիտելիքներ ձեռք բերելու մեծ եւ անյագուրդ մղումը, պատուախնդրութիւնը, ազգային հպարտութեան զգացումը, գեղեցիկը, բարին եւ արդարութիւնը խորութեամբ ընկալելու, ազնիւ եւ արժանավայել գործերով ինքնութիւն հաստատելու յատկանիշները: Այն, օր օտար երկրին մէջ հայ երեխան կը սորվի եւ կը սիրէ սեփական լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը, իր սեփական անձին մէջ կը տեսնէ իր ազգին պատկանելիութիւնը, իր հոգիին եւ սրտին մէջ վառ կը պահէ մայր հայրենիքի նկատմամբ սէրը եւ համակրանքը, ձեռք բերուած է ձեր անխոնջ տքնանքին եւ անսահման նուիրումին շնորհիւ», ընդգծեց սփիւռքի նախարարը:

Ըստ անոր, բաւական բարդ է հայրենիքէն հեռու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան մեծագոյն առաքելութիւնը իրականացնելու ուսուցիչներուն վստահուած գործը: Ան նշեց, որ ուսուցիչները վստահ պէտք է ըլլան, որ հայրենի պետութիւնը կ՛ընէ եւ պիտի շարունակէ ընել իր կարելին` սատարելու համար հայ դպրոցին: Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ այսօր աւելի անհրաժեշտ է ուսուցիչներուն կամքը, տոկունութիւնը, երբեք չխաթարուող հաւատքը վաղուան օրուան նկատմամբ, քանի որ անոնցմով եւ անոնց կրթած ու դաստիարակած աշակերտներով կը հիւսուի հայուն ապագան, եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ հայը հայ մնայ օտար երկրին մէջ:

«Հայաստանի զօրութիւնը սփիւռքի զօրութիւնն է, հայրենիքին մեր բոլորին, սփիւռքահայերուս նուիրուածութիւնը, անոր հետ մեր գործակցութիւնը յանուն Հայաստան-հայրենիքի ապահովութեան, բարեկեցութեան, քաղաքակիրթ եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման, ի շահ աշխարհասփիւռ հայութեան: Մեր բոլորիս երազանքն է, որ մեր հայրենիքը մշտապէս ապրի անվտանգ եւ անամպ կապոյտ երկինքի ներքեւ», շեշտեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

 

Նախորդը

ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՉԵԽԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՌԱՅԺՄ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՉԷ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.