Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՏՆԱՆ ՍԷՅԻՏ ՀԻՒՍԷՅՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

October 6, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Կառավարութիւնը քննարկեց 157 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն ծիրին մէջ ան 5 տարուան ժամկէտով Լիբանանեան համալսարանի նախագահ նշանակեց նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման ներկայացուցած է Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան եւ այդտեղ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց կառավարութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեց, որ ընտրական եւ պետական պիւտճէի օրինագիծերը արդէն պատրաստ են եւ կառավարութեան յաջորդ նիստերուն արդէն պիտի քննարկուին:

Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ ապրուստի հարցերուն: Ան նշեց, որ աշխատավարձերու յաւելման խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ` աւելցնելով, որ յաւելման կողքին անհրաժեշտ է նաեւ քաղաքացիներուն նկատմամբ ընկերային ծառայութիւնները աւելցնել:

Կազմուեցաւ նախարարական յանձնախումբ, որ պիտի սերտէ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսական անձնակազմին աշխատավարձերը սրբագրելու հարցը:

Միւս կողմէ, հարկ է նշել նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները նիստին մասնակցեցան իրենց վրայ կրելով Ժեհիթայի քարայրին ի նպաստ քուէարկութիւն կատարելու յատուկ շապիկները` քաջալերելու համար լիբանանցիները քուէարկելու ի նպաստ այդ քարայրին, որ կրնայ ընտրուիլ աշխարհի արդի 7 հրաշալիքներէն մէկը:

Նշենք, որ մինչ կառավարութիւնը կը գումարէր իր նիստը, Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդելու համաձայնագիր ստորագրած ուսուցիչներ, նախագահական պալատին ճամբուն վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին կառավարութենէն եւ կրթութեան նախարարէն պահանջեցին անսալ իրենց պահանջներուն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՉԵԽԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.