«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հարաւային Ափրիկէի մէջ յայտարարած է, որ Իսրայէլ իր գտնուած շրջանին «սպառնալիք» կը ներկայացնէ, որովհետեւ հիւլէական ռումբ ունի:
Էրտողան դարձեալ Իսրայէլը քննադատած է 31 մայիս 2010-ին Կազա ուղղուող «Ազատութեան» նաւատորմիղին դէմ իր կատարած յարձակումին համար` զայն ամբաստանելով Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար պաղեստինեան հողամասերուն վրայ «միջազգային ահաբեկչութիւն» կատարելու յանցանքով:


