Նորվեկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ երկրի ազգային խումբի մարզիչ Փեր – Մաթիաս Հոկմոն կորսնցուց իր պաշտօնը` երկկողմանի համաձայնութենէ մը ետք:
Անոր պաշտօնազրկումին պատճառը Նորվեկիոյ արձանագրած անբաւարար արդիւնքներն են` 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ընթացքին:
Գ. խմբակին մաս կազմող Նորվեկիա չորս մրցումի ընթացքին արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ եւ կրած երեք պարտութիւն: Անիկա այժմ կը գրաւէ վերջին դիրքը:
Նշենք, որ Նորվեկիոյ ֆետերասիոնը 56 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին բնականաբար հատուցում պիտի վճարէ` նկատի ունենալով, որ անոր հետ մինչեւ դեկտեմբեր 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր: