Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Յանձնաժողով. «Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ապրիլեան Բախումներուն Ընթացքին Թուրքիան Բացայայտօրէն Աջակցած Է Ազրպէյճանին»

November 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

european_commission_111416

Եւրոպական յանձնաժողովը կը նշէ, որ յետընթաց արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ արդարադատութեան, մարդու իրաւունքներու, խօսքի ու մամուլի ազատութեան եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ: Այս մասին ըսուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար անհրաժեշտ, Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած հիմնական քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներուն վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի տարեկան գնահատման զեկուցումին մէջ, որ որդեգրուած է 9 նոյեմբերին:

Զեկուցումի` Հարաւային Կովկասին եւ Կեդրոնական Ասիոյ նուիրուած հատուածին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիան ապրիլ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին բացայայտ աջակցութիւն յայտնած է Ազրպէյճանին:

2009-ին ստորագրուած` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող արձանագրութիւններուն գծով կը նշուի, որ անոնք տակաւին չեն վաւերացուած:

Զեկուցումը կը մատնանշէ նաեւ թրքական իշխանութիւններուն խիստ եւ կանոնաւոր արձագանգը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:

Զեկուցումի հեղինակները անդրադարձած են նաեւ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան քրէական գործին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կողմէ հայոց լեզուի դասաւանդման կազմակերպման խոչընդոտներուն, ինչպէս նաեւ Կարսի մէջ հայերու դէմ ատելութեան քարոզչութեան առնչութեամբ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութեան:

Զեկուցումի հրապարակումէն ետք թրքական իշխանութիւնները բարձրագոյն մակարդակով խիստ քննադատութեան ենթարկած են զայն: Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էօմեր Չելիք նոյնիսկ զայն անուանած է ապակառուցողական եւ ոչ անաչառ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Մարմիններու Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Բանակին 1000 Դրամ Պէտք Է Տան Բոլոր Քաղաքացիները, Բացի` Բանակայիններէն

RelatedPosts

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ  Հաստատուած Են»
Հայկական

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ Հաստատուած Են»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.