Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Եւ Տեղական Ընտրութեանց Արդիւնքները

Նոյեմբեր 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էնթընի Փորթանթինօ
Էնթընի Փորթանթինօ

Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութենէն ետք, Քալիֆորնիոյ մէջ 8 նոյեմբերի ընտրութեանց կարեւորագոյն պայքարն էր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ նահանգը ներկայացնող երկու ծերակուտականներէն մէկուն ընտրութիւնը, որ աւարտեցաւ նահանգի ներկայ ընդհանուր դատախազ Քամալա Հերիսի յաղթանակով: Ան պարտութեան մատնեց քոնկրեսական Լորեթա Սանչեզը:

Հերիս, որ զաւակն է Հնդկաստանէն եւ Ճամայքայէն ներգաղթածներու, 24 տարիներու ընթացքին Քալիֆորնիայէն ընտրուած առաջին նորեկ ծերակուտականը պիտի ըլլայ` փոխարինելով Պարպարա Պաքսըրը:

Նահանգային Ծերակոյտի ընտրութիւններուն, Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը ապահոված Էնթընի Փորթանթինոն, 25-րդ ընտրատարածքին մէջ քուէներու 57,5 տոկոսը ապահովելով յաղթանակ արձանագրեց Մայքըլ Անթոնովիչի դէմ:

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութիւններուն, Ատրին Նազարեան 46-րդ ընտրաշրջանին մէջ քուէներու 57 տոկոսով յաղթանակ ապահովեց Էնճըլա Ռուփըրթի դէմ, սակայն Արտաշէս Քասախեան չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել 43-րդ ընտրատարածքին մէջ` ապահովելով քուէներուն մօտաւորապէս 35 տոկոսը միայն, մինչ սեփական դպրոցներու ջատագով հսկայ հաստատութեանց նիւթական աջակցութիւնը ապահոված անոր մրցակիցը` Լորա Ֆրիտմըն, խլեց քուէներուն 65 տոկոսը:

Միւս կողմէ, Հայ դատի զօրակցութիւնը վայելող տեղական GC առաջարկը, որ կը վերաբերի Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի բարելաւման համար պարտամուրհակներու վաճառքով 325 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելուն, քուէներուն 73 տոկոսով վաւերացուեցաւ:

Քալիֆորնիոյ նահանգային 17 առաջարկներէն վաւերացուեցաւ թիւ 51-ը (54 տոկոսով), որ նահանգային պարտամուրհակներու միջոցով 9 միլիառ տոլար պիտի ապահովէ կրթութեան եւ կրթական օճախներու պայմաններու բարելաւման համար:

Քուէներու մօտաւորապէս 70 տոկոսով վաւերացուեցաւ նաեւ թիւ 52 բանաձեւը, որ կը պահանջէ շարունակել հիւանդանոցներու կողմէ «Մետիքալ»-ին տրուող վճարները, որոնք դաշնակցային կառավարութենէն պիտի ապահովեն նոյն գումարով յատկացում մը «Մետիքալ»-ին:

Թիւ 55 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ երկարաձգել այն օրինագիծը, որ յաւելեալ տուրք կը սահմանէ քառորդ միլիոն տոլարէն աւելի եկամուտ ունեցողներուն վրայ` կրթական եւ առողջապահական ծրագիրներու համար, քուէներուն 62 տոկոսով վաւերացուեցաւ:

Քուէներուն մօտաւորապէս 63 տոկոսով վաւերացուեցաւ թիւ 56 բանաձեւը, որ ծխախոտի իւրաքանչիւր տուփի վրայ երկու տոլար յաւելեալ տուրք պիտի պարտադրէ:

Վաւերացուեցան նաեւ`

– Թիւ 57 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ ոչ վայրագ յանցագործութիւն կատարողներու եւ դեռահասներու ներումի կարելիութիւնները աւելցնել:

– Թիւ 58-ը, որ կ՛արտօնէ անգլերէնի կողքին այլ լեզուներով դասաւանդութիւն կատարել դպրոցներուն մէջ:

– Թիւ 59-ը, որ ընտրապայքարներու նուիրատուութիւնները հանրային հակակշիռի ենթարկելու դաշնակցային օրինագիծին հիմքը կը զօրացնէ:

– Թիւ 63-ը, որ փամփուշտ գնողներու կենսագրութիւնը սերտել կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ փամփուշտներ կրակելու կարելիութիւն ընձեռող «սանտր»-երու դէմ արգելք կը սահմանէ:

– Թիւ 64-ը, որ կ՛օրինականացնէ «մարիկուանա»-ի օգտագործումը:

Միւս կողմէ, մերժուեցաւ թիւ 62 առաջարկը, որ մահապատիժը պիտի վերացնէր նահանգի քրէական օրէնսգիրքէն:

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Խաղաղ Ճամբով» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

Վարչապետ Կարապետեանին Նոր Յանձնարարականը` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?