Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղէտ» Համերգը Ջնջելու Որոշումը Կը Քննադատուի

October 31, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghed_103016

Գերմանական լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, թէ գերմանացի քաղաքական դէմքեր եւ գերմանական մամուլը քննադատած են Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանի յարկին տակ 13 նոյեմբերին նախատեսուած «Աղէտ» համերգը ջնջելու Պերլինի որոշումը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած էր, թէ պատճառը այն է, որ հիւպատոսարանի շէնքը ազատ պիտի չըլլայ 13 նոյեմբերին, սակայն կը կարծուի, թէ համերգը ջնջելու որոշումը տրուած է, որովհետեւ կազմակերպիչները առանց կառավարութիւնը տեղեակ պահելու, համերգին մասնակցելու հրաւէր յղած էին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:

Ձախերու կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Սառա Վակենքնեխթ յայտարարած է, որ այդ որոշումով Պերլին անգամ մը եւս «ծունկի եկաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի առջեւ»` նախարարութեան այդ որոշումը «ամօթալի՛ քայլ» որակելով եւ հարց ուղղելով. «Կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը Անգարայէ՞ն կը ղեկավարուի»:

Կանաչներու կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Օմիտ Նուրիփուր իր կարգին նկատել տուած է, որ գաղթականներու հոսքի վախին պատճառով, Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները սպառած կառավարութիւնը տեղի տուած է Էրտողանի ճնշումներուն դիմաց, իսկ Սաքսոնիա նահանգի մշակոյթի նախարար Էվա Մարիա Շտանկեն «շատ ցաւալի» որակած է որոշումը` նշելով, որ համերգը կրնար նպաստել թուրք եւ հայ ազգերուն միջեւ հաշտութեան հոլովոյթին:

Նախարարութեան հետ միասին համերգը կազմակերպող Տրեզտենի սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Մարքուս Ռինտ «շա՜տ անսպասելի եւ ցաւալի» որակած է որոշումը` հաստատելով, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն համերգի հրաւիրատոմս ուղարկելու քայլը չէր համաձայնեցուած նախարարութեան հետ, որովհետեւ նախարարութիւնը կը ձգձգէր հրաւիրատոմսերու բաժանումի հարցը:

Նուագախումբի երաժիշտները բողոքի նամակ մը գրած են արտաքին գործոց նախարարին` համերգը ջնջելու կամ յետաձգելու որոշումը «անտրամաբանական» նկատելով: Գերմանական մամուլը եւս լայնօրէն արձագանգած է համերգի ջնջումին` քննադատելով նախարարութեան որոշումը:

 

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մասնակցի Սպիտակ Տան Մէջ Տեղի Ունեցած Քննարկումին

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ Եւ Յուղարկաւորութիւն Ռուբէն Յովսէփեանին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.