
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը բերած է 26 հոկտեմբերին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած այն քննարկումին, որ նուիրուած էր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն:
Քննարկումին կառավարութիւնը ներկայացուցած են նախագահ Պարաք Օպամայի յատուկ օգնական Մելիսա Ռոճըրզ, արտաքին գործոց նախարարի կրօնական փոքրամասնութեանց հարցերով յատուկ խորհրդական Նաքս Թէյմզ եւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Ժողովին մասնակցած են նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին շեշտը դրուած է քրիստոնեայ եւ այլ փոքրամասնութեանց պատկանող քաղաքացիներու պաշտպանութեան, ներքին եւ արտաքին գաղթականներու անմիջական աջակցութիւնը ապահովելու կարեւորութեան եւ վտանգուած քաղաքացիներու համար ապահով գօտիներ հաստատելու ջանքերուն վրայ:
Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը շեշտած է, որ հայութեան համար Հայաստանը կը մնայ ապահով ապաստանարան մը` նշելով, որ Հայաստան արդէն իսկ աւելի քան 20 հազար գաղթականներ կը հիւրընկալէ եւ կարողութիւնը ունի աւելի մեծ թիւով գաղթականներ ընդունելու` ամերիկեան եւ միջազգային յաւելեալ աջակցութեամբ:


