24 հոկտեմբեր 2016-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Վոժճինք Պոզեքի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեհաստանի հետ յարաբերութիւնները, գործակցութիւնը եւ ծրագիրներու մշակումն ու գործադրութիւնը: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յայտնած է, որ այս ծիրին մէջ յաջորդ տարի Լեհաստան աշխատանքային այցելութիւն տալու ծրագիր ունի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեհաստան – Լիբանան – Հայաստան տնտեսական ծրագիրներու մշակումի հարցը: