Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավար Քրիսթինա Լասընի Այցելութիւնը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

October 27, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

img_3465

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2016-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Քրիսթինա Լասըն, որուն կ՛ընկերակցէին Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Սարա Քամփիոնի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սամար Համմուտ, UNHCR-ի ներկայացուցիչ Մակի Պուրաժէլ եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Ազզէտին Զենուալ:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնական վարչութեան անդամ Զաւէն Թաշճեան, գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեան եւ Լիբանանի տնօրէն Սերոբ Օհանեան դիմաւորեցին հիւրերը, ապա անոնք հերթաբար շրջագայեցան հաստատութեան մանկաբուժական, պատուաստներու, կիներու հիւանդութեանց, քրոնիկ հիւանդութեանց եւ դեղարանի բաժանմունքները եւ մանրամասնօրէն տեղեկացան իւրաքանչիւր բաժանմունքի աշխատելաձեւին մասին, ինչպէս նաեւ կարճ զրոյցներ ունեցան գործող բժիշկներուն, հիւանդապահուհիներուն եւ պարագաներուն հետ:

img_3454

Աւարտին ներկաները համախմբուեցան տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ` միասնաբար զրուցելու հաստատութեան մէջ կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:

Ներկաները հերթաբար գնահատական խօսքեր արտասանեցին եւ բարձրօրէն գնահատեցին «Գարակօզեան» հաստատութեան տարած մարդասիրական աշխատանքները:

img_3462-1

Սերոբ Օհանեան իր կարգին «Այբուբեն»-ի յուշանուէրով պարգեւատրեց Քրիսթինա Լասընը:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ոստիկանները Խնձոր Բաժնեցին Անցորդներուն

Յաջորդը

Էրտողան Զգուշացուցած Է Եզիտիները «Սխալ Խաղերու Մէջ Մտնելէ» Եւ Զանոնք Քրիստոնեայ Անուանած Է

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.