ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր երկինքին վրայ սէրը ամէնէն բարձր տեղը կը գրաւէ, ինչ որ շատ հիանալի է, ե՛ւ ընտանիքէն ե՛ւ ընկերային շրջանակէն ներս սէրը միշտ ներկայ է: Ասոր կը յաջորդէ ընդհանուր համերաշխութիւն մը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընտանիքին ժառանգ մը պիտի հասնի, որմէ դուք ալ բաժին ունիք: Ընդունեցէք եւ լաւագոյնս վայելեցէք, սակայն անիմաստ տեղը մի՛ վատնէք, որպէսզի նպատակի մը ծառայէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ի՛նչ որ ազնուութեամբ կը խնդրէք, դիւրութեամբ պիտի ստանաք. սակայն մի՛ շահագործէք: Ձեր խնդրանքները սահման մը պէտք է ունենան: Չափազանցութիւնը կրնայ ձեզի վնասել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործին մէջ յառաջանալու մեծ կարողութիւններ ունիք եւ ո՛չ մէկ քայլ կ՛առնէք: Այսպէս շարունակելով` ո՛չ մէկ յաջողութիւն կ՛ունենաք: Ուրեմն քաջութեամբ ձեր ապագային մասին մտածեցէք, որպէսզի կեանքը իմաստ ունենայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր կարծիքները ամէն տեղ պարտադրել կ՛ուզէք: Այս ձեր ընթացքը յաճախ կը վիրաւորէ ձեր շուրջինները: Աւելի փափկանկատ եղէք, որպէսզի ընկերութեան մէջ կարենաք ձեր տեղը պահել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նորոյթները յարգեցէք, սակայն հնութիւնները մի՛ անտեսէք. անոնք իրենց արժէքը չեն կորսնցներ. ասոր կը միանան տարիքոտ անձերը, որոնք յարգանքի պէտք ունին: Անոնք ալ ձեզի պէս երիտասարդ եղած են:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամները ձեզմէ հաւաքոյթ մը կը սպասեն. մի՛ մերժէք եւ հրաւիրեցէք: Հաճելի մթնոլորտէ ետք դուք ալ գոհունակութիւն պիտի ունենաք եւ, կարծէք, աւելի պիտի կայտառանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատատեղին ձեզմէ պահանջուածը կատարեցէք, սակայն շատ ալ չափազանցութեան մի՛ երթաք: Ձեր ուժի չափովը աշխատեցէք, որպէսզի ձեր առողջութիւնը չխանգարուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարծէք` ամառնային արձակուրդով չէք գոհացած եւ նոր արձակուրդ մը ունենալ կ՛ուզէք. սակայն նախ պէտք է աշխատիլ եւ արժանանալ այդ փափաքին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ապագան փոփոխութիւններ վերապահած է ձեզի: Պատրաստ եղէք զանոնք ընդունելու: Ձեզի կը մնայ լաւագոյնս օգտագործել այդ անակնկալները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ամէն բանի յօժար մի՛ ըլլաք: Դուք ալ ձեր կարծիքները տուէք, որպէսզի կարենաք սրտանց աշխատիլ: Ցոյց տուէք, թէ դուք ալ կարողութիւններ ունիք: Դուք ձեզ պարտադրել գիտցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գործի մը մէջ առաջնորդ ըլլալու կարողութիւններ ունիք, նոյնիսկ կրնաք մեծ խումբեր կառավարել: Ձեզի կը պակսի ինքնավստահութիւնը: Ուրեմն ձեր կարողութիւնները ի գործ դրէք: