
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ կը շարունակուին Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած հաւաքականներուն գլխաւոր մարզիչներուն հաշուետուութիւններուն ունկնդրութիւնները:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Ունեցանք 4 վարկանիշ` 6 դասակարգերու մէջ: Եւ` իբրեւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, կը սպասէի նուազագոյնը մէկ մետալի, բայց դժբախտաբար ատիկա չկրցանք ձեռք ձգել»:
Բաղդադեան ամառնային ողիմպիական խաղերուն հաւաքականին մասնակցութիւնը գնահատեց անբաւարար:


