
21 հոկտեմբերին Ազգային ժողովի համաձայնութեան արժանացաւ նոր կառավարութեան ծրագիրը:
85 թեր, 7 դէմ, 6 ձեռնպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ ընդունուեցաւ Կարէն Կարապետեանի ներկայացուցած տնտեսական փաստաթուղթը:
Թեր քուէարկեցին ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի խմբակցութիւնները:
Բարգաւաճ Հայաստանը քուէարկութեան չմասնակցեցաւ, Օրինաց երկիրը քուէարկեց ձեռնպահ, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսը` դէմ:
Կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, որ յայտարարեց, թէ ՀՅԴ խմբակցութիւնը կողմ պիտի քուէարկէ կառավարութեան ծրագիրին: Աղուան Վարդանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք յաջորդիւ:


