
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, Հայաստանի զինուած ուժերու հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը եւ Հայաստանի նախագահի խորհրդական, նախագահի գլխաւոր ռազմական տեսուչ Միքայէլ Յարութիւնեանը:
Հանդիպման, որուն մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահը շնորհաւորած է Վիգէն Սարգսեանն ու Մովսէս Յակոբեանը` պատասխանատու պաշտօններու ստանձնման համար եւ մաղթած մեծագոյն յաջողութիւններ բանակի շարունակական զօրացման, երկրի պաշտպանունակութեան ամրապնդման մէջ:


