
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու շուրջ քննարկումներ չկան, սակայն Մոսկուա միայն պիտի ողջունէ, եթէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրները, ներառեալ` Թուրքիան, կառուցողական դերակատարութիւն ունենան ղարաբաղեան տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ»:
«Մինսքի խմբակի բոլոր անդամներուն ուղղակի պարտականութիւնն է ներդրում ունենալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ», աւելցուցած է Զախարովա:
Աւելի կանուխ, ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ Թուրքիոյ հաւանական դրական դերին մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Թուրքիա կրնայ դրական դեր խաղալ` ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի ապաշրջափակումը եւ տնտեսական համագործակցութիւնը շրջանին մէջ», ըսած էր ան:


