
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ռաշա Թուտէյ»-ի գլխաւոր տնօրէն Տմիթրի Քիսիլիովի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման:
Ան խօսած է փոխզիջումներու մասին` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղին կրնայ շնորհուիլ ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ:
«Խելամիտ փոխզիջումը կարելի է. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան, անոնց կենսագործունէութեան, ինքնավարութեան ապահովում, Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր ներդրումային նախագիծերու իրականացում: Եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ փոխադարձ գործակցութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանի սահմաններէն դուրս տարածքներու ազատագրման պայմանով. ահա այսպէս մենք կը տեսնենք տագնապին լուծումը», ըսած է ան:
Ալիեւ նշած է. «Ազրպէյճան երբեք պիտի չհամաձայնի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տրամադրման: Սակայն կրնայ ըլլալ փոխզիջում տեղական ինքնավարութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան հարցերուն շուրջ, ապագային, եթէ մենք համաձայնինք, ատիկա կրնայ ըլլալ ինքնավար հանրապետութիւն», աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ալիեւ նաեւ յայտնեց, որ կարելի չէ բացառել, որ Ազրպէյճան ապագային անդամակցի Եւրասիական տնտեսական միութեան: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Իրան – Ռուսիա – Ազրպէյճան համագործակցութիւնը շարունակուի:


