
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 14 հոկտեմբերի երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած է Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆի հետ, ապա միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է. «Մենք քննարկեցինք մեր երկու պետութիւններու բանակներուն համար միացեալ ռազմափորձերու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ սպառազինութեան միացեալ արտադրութիւններու ծրագիրներ: Ազրպէյճան կը փափաքի Փաքիստանէն գնել ամէնէն ժամանակակից եւ ճշգրիտ զինատեսակները: Այս հարցին մէջ Պաքու եւ Իսլամապատ կատարեալ համաձայնութեան յանգած են»:
Իր կարգին, Փաքիստանի վարչապետը յայտարարած է, թէ Պաքու եւ Իսլամապատ համակարծիք են Քաշմիրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն գծով: «Մենք կողմնակից ենք Ազրպէյճանի գրաւեալ բոլոր հողերուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրման», յայտարարած է Շարիֆ:


