Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 16 հոկտեմբերին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայ մամուլի օրուան առիթով:
Ան նշած է, որ մամուլը մարդոց եւ պետութիւններու կեանքին վերաբերող իրադարձութիւններու ինքնատիպ օրագիր է, յաճախ նաեւ այդ իրադարձութիւնները կանխորոշողն ու թելադրողը` այդպիսով ալ ծանրակշիռ, երբեմն նոյնիսկ ճակատագրական դեր ունենալով քաղաքացիին եւ պետութեան կեանքին մէջ:
«Ձեր` տարբեր դիտանկիւններ ունեցող լրագրողներուդ ու ձեր ներկայացուցած լրատուամիջոցներուն միջոցով կը փոխանցուին, կը կազմաւորուին հասարակութեան` իրենց մէջ տարբեր ազդակներ պարունակող ըսելիքն ու խօսքը, զորս, համադրելով ձեր ըսելիքին հետ, հրապարակայնօրէն կ՛արծարծէք խնդիրներ, մտահոգութիւններ ու նաեւ կ՛առաջարկէք լուծումներ: 222 տարի առաջ լոյս տեսած հայոց առաջին պարբերականը` «Ազդարար»-ը, ունէր ի՛ր ձայնն ու խօսքը, որոնք թերեւս համահունչ չեն այսօրուան լրատուամիջոցներու մտածողութեան, բայց եւ այնպէս, իրենց մէջ կը բովանդակեն որոշ ազդակներ, որոնք բնաւ չեն կորսնցուցած այժմէականութիւնը: Լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու առարկայականութիւնն ու անկեղծութիւնը, ազատ խօսքի հաւաստիութիւնը մեծապէս կախուած են ազատ մտածելու, արտայայտուելու եւ գործելու կարելութենէն:
«Հայաստանեան լրատուամիջոցներու այսօրուան անխոչընդոտ աշխուժութիւնն ու հասարակական, քաղաքական եւ պետական կեանքին լիարժէք մասնակցութիւնը լաւագոյնս կը բնորոշեն այն հասարակական պահանջը, որ կայ լրատուական դաշտին հանդէպ եւ այն բարենպաստ մթնոլորտը, որ առկայ է անոնց արդիւնաւէտ ու անկաշկանդ գործունէութեան համար:
«Վերստին շնորհաւորելով Հայ մամուլի օրուան առիթով` կը մաղթեմ առողջութիւն, ստեղծագործական ոգեւորութիւն, բարեկեցութիւն եւ լաւատեսութիւն», եզրափակած է Սահակեան: