Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Տուէն 12 տարեկան աղջնակ մըն է, որ կ՛ապրի Քամպոտիոյ մէջ, Անկքորի նշանաւոր տաճարներուն մօտ: Տուէն ապագան կ՛ուզէ զբօսաշրջիկներու ուղեկցորդ կամ ուսուցիչ ըլլալ` իր երկրին պատմութիւնը դասաւանդելու համար մանուկներուն: Սակայն ան պէտք է իր դասերուն հետեւի եւ օգնէ իր մօրը, որ առանձինն կը մեծցնէ Տուէնը եւ անոր հինգ քոյր-եղբայրները:
Տուէն եւ իր ընտանիքը կ՛ապրին Քամպոտիոյ հիւսիսը գտնուող Սիէմ Ռիփ մեծ քաղաքին մօտ, պզտիկ գիւղի մը մէջ: Մեծ թիւով օտարներ կու գան այդ շրջանը` այցելելու համար ժամանակին խմերներու թագաւորութեան մայրաքաղաք Անկքորի հին տաճարները:
Առտուն Տուէն դպրոց կ՛երթայ, իսկ կէսօրէ ետք ան կ՛աշխատի: Զբօսաշրջիկներ կու գան` այցելելու անոր գիւղին մօտ գտնուող տաճարը: Տուէն անոնց կը ծախէ թիթեռնիկներով, շերեփագիներով, աստղերով կամ ձուկերով զարդեր: Տուէնի մայրն է, որ կը շինէ այս զարդերը շաքարեղէգի տերեւներով: Այս թնոթ անունով բոյսը երկրին խորհրդանիշն է: Ըստ աւանդութեան, իւրաքանչիւր բնակիչ պէտք է մէկ հատ այս բոյսէն տնկէ մաս կազմելու համար խմեր ժողովուրդին:
Այս բոյսը ամէն ինչի կը ծառայէ: Անոր աւիշով կը շինուի շաքար կամ գինի, անոր ցօղունով տուներ եւ նաւակ, իսկ տերեւներով` տեսակաւոր առարկաներ, ինչպէս` խսիրներ, տուփեր, հովահարներ եւ այլն: Տուէն այս զարդերը կը ծախէ հինգ-հինգ, մօտաւորապէս 3 տոլարի: Այս տարի, այս ձեւով անոր հաւաքած դրամով, Տուէնի մայրը կրցած է գնել անոր դպրոցական տարազը, պայուսակը, մատիտներ, տետրակներ… Տուէնի համար զբօսաշրջիկներուն նման յուշանուէրներ ծախելը հաճելի ժամանցի մը կը նմանի: Ամերիկացի, ֆրանսացի, ճափոնցի զբօսաշրջիկներուն հետ խօսելով` ան նոյնիսկ բազմաթիւ օտար բառեր սորված է:
Գիւղին տաճարին` Պանթէյ Սամրէի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ պզտիկ պուտտայական խորան մը: Երբեմն Տուէն հոն կ՛երթայ աղօթքներ ուղղելու իր պապերուն եւ անոնց պտուղներ կամ ծաղիկներ կը նուիրէ, որպէսզի անոնք իրեն օգնեն իր պզտիկ վարդերը ծախելու: Երբ զբօսաշրջիկներ չկան, Տուէն իր ընկերուհիներուն հետ պահմտոցի կը խաղայ տաճարին աւերակներուն մէջ: Ան ծանօթ է բոլոր լաւ թաքստոցներուն: Սակայն ան Անկքորի ուրիշ ոչ մէկ նման արժէքաւոր վայր այցելած է, որովհետեւ մուտքի տոմսակը շատ սուղ է:
***
Դպրոցէն եւ գործէն ետք Տուէն տուն կը վերադառնայ իր ընկերուհիին` Նիի հետ: Անոնք երկուքը միասին կը նստին Նիի հեծիկին վրայ` անցնելու բրինձի դաշտերէն: Ինչպէս գիւղին գրեթէ բոլոր տուները, Տուէնի տունն ալ շինուած է ալիքաւոր թիթեղէ եւ տնկացիցերու վրայ, անձրեւներու եղանակին չոր մնալու համար:
Տան մէջ ո՛չ մէկ կարասի գոյութիւն ունի: Անոնք կ՛ուտեն եւ կը պառկին տախտակէ գետնին վրայ փռուած խսիրներու վրայ: Անոնք տան մէջ ջուր չունին: Ստիպուած են երթալու մինչեւ գիւղին ծորակը` դոյլով ջուր կրելու համար. իսկ լուսաւորուելու համար անոնք կը գործածեն գրպանի փոքրիկ լամբեր: Անոնք տան մէջ կը պահեն նաեւ քանի մը հաւ, եւ երբ այս հաւերը ճուտիկներ կ՛ունենան, անոնք այդ ճուտիկները կը ծախեն գնելու համար բրինձ եւ ձուկ: Իր մօրը հետ Տուէն կը զբաղի նաեւ պզտիկ բանջարանոցով մը: Ընտանիքին համար շատ կարեւոր է իրարու օգնելը:
Ինչո՞ւ
… Պանիրի թելեր կը յառաջանան, երբ պանիրը հալի: Պանիրի կարգ մը տեսակներ, ինչպէս` էմանթալը, կը պարունակեն բազմաթիւ փրոթէիններ, որոնք մեզի կու տան ուժ, յատկապէս երբ մենք կը մեծնանք: Երբ մենք այս փրոթէինները կը տաքցնենք, կարգ մը փրոթէիններ իրարու կը փակչին եւ կը կազմեն երկար շղթաներ` պանիրին «թելերը»:
… Կարգ մը անասուններ կորսուելու վտանգին մէջ կը գտնուին: Այս անհետացումներուն գլխաւոր պատասխանատուները մարդ արարածներն են: Անոնք ստնաւորներ կ՛որսան անոնց մուշտակին համար, կ՛որսան նոյն տեսակի բոլոր ձուկերը, կը փճացնեն այն անտառները, ուր անասուններ կ՛ապրին, եւ կ՛ապականեն գետերն ու ծովերը: Գիտէի՞ր, թէ այժմ կարմիր թոնն ալ կորսուելու վտանգի մէջ է, որովհետեւ մարդիկ այս ձուկի տեսակէն շատ կ՛որսան:
… Արեւը ամէն օր չի փայլիր: Արեւը ամէն օր կը փայլի, սակայն երբեմն ամպերը այնքան խիտ կ՛ըլլան, որ անոնք զայն ամբողջովին կը ծածկեն: Առանց արեւի` երկրագունդին վրայ կեանքը չի կրնար գոյութիւն ունենալ, որովհետեւ անոր ճառագայթները կը հայթայթեն ապրող էակներուն անհրաժեշտ լոյսն ու ջերմութիւնը:
Հարցարան
Տակաւին Կանգուն

1) Ներկայիս «Պիկ Պեն» անունը մենք կը գործածենք, երբ կը խօսինք Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող նշանաւոր ժամացոյցին, աշտարակին եւ զանգակին մասին: Սակայն սկիզբի շրջանին ո՞ր բաժինը կը նշուէր այս անունով:
ա – Մեծ զանգակը, բ – Մեծ ժամացոյցը, գ – Էլիզապէթի աշտարակը, դ – Անգլիոյ թագաւորին ընկեր Պենը:

2) Երբ Էյֆելի աշտարակը շինուած էր 1889 թուականին, անիկա աշխարհի ամէնէն բարձր շինութիւնն էր:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

3) Ինչո՞ւ Եգիպտոսի նշանաւոր Սֆինքսը քիթ չունի:
ա – Ան աւազամրրիկներուն ազդեցութեան տակ մաշած է, բ – Ան անձի մը կողմէ փճացուած է, գ – Ան առանց քիթի շինուած է, դ – Ան քիչ մը զօրաւոր փռնգտացած է:

4) Իտալիոյ մէջ Փիզայի թեք աշտարակը արդէն սկսած էր թեքելու շինութեան ընթացքին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

5) Սկզբունքով ի՞նչ էր Քրեմլինը:
ա – Պոնպոններու գործարան, բ – Շարժապատկերի սրահ մը, գ – Միջնադարեան ամրոց մը, դ – Խաղավայր մը:

6) Ի՞նչը «արգիլուած» էր Չինաստանի Արգիլեալ քաղաքին մէջ:
ա – Առարկաներուն դպնալ, բ – Առանց հրամանի քաղաք մտնել – գ – Բաղնիք երթալ, դ – Խօսիլ:
Պատասխանները՝ վերջաւորութեան
Գիտէի՞ր, Թէ…

– Աշխարհի մէջ ամէն վայրկեան կը ծնի 261 մանուկ: Ասիկա կը նշանակէ, որ տարին 130 միլիոն երեխաներ կու գան աշխարհ:
– Արեւուն մէջ կարելի է բաւեցնել 1 միլիոն Երկիր մոլորակներ: Մենք երեւակայենք գնդիկներով լեցուն աքուարիոմ մը: Աքուարիոմը արեւն է, իսկ գնդիկները երկրագունդերը: Հետեւաբար աքուարիոմը կը լեցուի մէկ միլիոն գնդիկներով:
– Հեղուկները անջրպետին մէջ կը ծփան գնդիկներու ձեւին տակ:
– Ցիւրիխի մէջ, Զուիցերիա, բնակիչները գարունը կը տօնեն հարթէ շինուած մարդուկ մը այրելով:
– Անջրպետի դատարկութեան մէջ ջերմաստիճանը – 270 աստիճան է:
Ժամանց



Պատասխաններ
1) ա: 2) Ճիշդ. Էյֆել աշտարակը շինուած էր 1889-ի Միջազգային ցուցահանդէսին համար: 3) բ: 4) Ճիշդ. աշտարակը թեքելու սկսաւ, երբ աշխատանքները հասած էին երրորդ յարկ: 5) գ: 6) բ:


