Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ ԳԻԾԵՐ

October 1, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն գործող վարչապետ Վլատիմիր Փութինի առաջադրումը յանկարծակիութեան գործօնի անմիջական ազդեցութիւն չգործեց: Ռուսիոյ ազդեցիկ մարդը նախագահ-վարչապետ-նախագահ պաշտօններուն վրայէն ոստոստելով փաստօրէն կը պահէ իր անշրջանցելիութեան հանգամանքը:

Ռուսիոյ քաղաքական թատերաբեմին վրայ արձանագրուող այս իրադարձութիւնները այսօրուան հետաքրքրութիւնը կրնային ստեղծած չըլլալ, եթէ հայկական կողմին համար չստեղծուէր գերշահագրգռուածութիւն` քննարկելու համար Փութինի վերադարձին կամ աւելի ճիշդը իշխանութեան պահպանման գործընթացի ազդանշանին ունենալիք հաւանական ազդեցութիւնները Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ:

Ռուսական քաղաքական այս բեմագրութիւնը Հայաստանի մէջ եւս տեսնելու կամ բացառելու քննարկումները աննախադէպօրէն թափ ստացան` տեղի տալով տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Քիչ էին իրաւամբ հնչած այն տեսակէտները, որոնք կը բացառէին ռուսական վերջին բեմագրութեան կապկումը հայկական քաղաքական բեմին վրայ:

Այլապէս, ինչպէս որեւէ կարեւոր իրադարձութիւն, ա՛յս մէկը եւս բանավէճերը հունաւորեց բեւեռացած ուղիներու: Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ լուսարձակները կեդրոնացան Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահին իշխանութեան վերադարձի հաւանականութեան վրայ: Ասիկա, իր կարգին, նոր մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ` հայաստանեան լրատուադաշտը հեղեղելով վերլուծումներու եւ կանխատեսումներու խայտաբղէտ նիւթերով:

Ի հարկէ այս բոլորը գերքաղաքականացուած բնոյթով ընթացան: Վերլուծումներու մեծամասնութեան եզրակացութիւնը կանխորոշուած էր. պարզապէս պէտք էին հիմնաւորումները եւ փաստաբանական մօտեցումները մէկ կողմէ անպայման ռուսական բեմագրութեան կրկնումը տեսնելու համար մեր երկրին մէջ, միւս կողմէ բացառելու համար այդ կարելիութիւնը եւ երրորդի պարագային` նման վտանգի մը դիմաց նոր դաշինքներու ձեւաւորումը:

Ռուսական ռազմավարական գործընկեր եղող երկիրը միայն Հայաստանը չէ անշուշտ: Պէտք է մտովի բաղդատական կատարել, թէ Ռուսիոյ այլ գործընկեր երկիրներու պարագային, նման բեմագրութեան կրկնումի հաւանականութեան մասին այսքան թափով քննարկումներ ծաւալեցա՞ն: Ի վերջոյ Ռոպերթ Քոչարեանը միակ նախագահը չէր, որ բնականոն յարաբերութիւններ ունէր Ռուսիոյ օրուան գործող նախագահին հետ:

Հայաստանեան մամուլի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ Վրաստանի նախագահին Հայաստան այցելութենէն եւ յատկապէս պարգեւատրուելէն ետք առարկայական դիտարկումներով շարունակեցին նկատել, որ նախագահ Սարգսեանի եւ վարչապետ Փութինի միջեւ հանդիպում չէ կայացած: Անհրաժեշտ է,  սակայն, նման վարկածի վրայ տրամաբանութիւն զարգացնելու համար իմանալ, որ Սահակաշվիլիի այցելութենէն եւ պարգեւատրումէն առաջ Հայաստանի նախագահ-Ռուսիոյ վարչապետ ձեւաչափով քանի՞ հանդիպում եղած է, եւ յիշել պարզապէս, որ հանդիպումները միջնախագահական կամ միջվարչապետական ձեւաչափերով ակնկալուածէն ալ աւելի եղած են:

Խնդիրը սակայն անհատական յարաբերութիւններու կամ երրորդ կողմի հետ արձանագրուած պարագայական երեւոյթներու հետեւանքներէն աւելին է: Յատուկ ռազմավարական գործընկերութեան ընթացիկ սահմաններէն հեռու երթալն է եւ միջպետական յարաբերութիւններու ուղղահայեաց գիծերու երեւումը: Ըսինք արդէն, որ այլ գործընկերներ նման ծաւալուն քննարկում չեն ծաւալած ռուսական բեմագրութեան կրկնումի հաւանականութիւններուն մասին: Յիշենք` ռուսական ռազմակայանի հետ կապուած համաձայնագիրի աւարտի ժամկէտէն շատ առաջ նոր տասնամեակներու վրայ երկարող  համաձայնագիրի երկարաձգումը, օտարալեզու դպրոցներու օրէնքի ապահովման համար ռուսական աշխուժ դերակատարութիւնը եւ… անկախութեան զօրահանդէսին ռուսական զօրամիաւորումի մասնակցութիւնը:

Համակողմանիօրէն նման տեսութիւններ զարգացնողները պահ մը անդրադառնալու էին, որ ռուսական բեմագրութիւններու անմիջական կրկնումը Հայաստանի մէջ ակնկալելը մեղմ ըսելաձեւով ստուեր կը ձգէ անկախութեան գաղափարին վրայ: Այն ալ սեպտեմբերեան այս օրերուն:

«Ա.»

Նախորդը

ՎԱՐՇԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԷՇԹԸՆԻ ԵՒ ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՇՆԱՆ ՎՐԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.