Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի «Ուաշինկթըն Այտիազ» խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման պայմանները տակաւին չեն ստեղծուած:
«Ներկայ աշխարհին մէջ կան որոշ սառեցուած տագնապներ, որոնց շարքին Լեռնային Ղարաբաղը եւ որոնց մէջ այժմ չ՛երեւիր լուծման կարելիութիւն, նախ եւ առաջ որովհետեւ ղեկավարները պատրաստ չեն», ըսաւ Քերրի:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին կարծիքով, իսրայէլեւպաղեստինեան տագնապը այդ դասակարգին մէջ չէ:
Ըստ անոր, այդպիսի տագնապները «բարդ են, բայց կարելի է տեսնել» զանոնք անցեալին ձգելու միջոցներ, «եթէ մարդիկ ընդունին որոշակի համապարփակ լուծումներ»:
«Ես կը կարծեմ, որ իսրայէլեւպաղեստինեան տագնապը կը մտնէ այդ դասակարգին մէջ», ընդգծած է Քերրի: