Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը Գործարարներուն Հետ Քննարկած Է Գործարար Միջավայրի Բարելաւման Վերաբերող Հարցեր

September 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garen-garabedian_92816

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան 28 սեպտեմբերին ընդունած է Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան (ՀԱԳՄ) անդամները:

Վարչապետը նշած է, որ կ՛ակնկալէ գործարարներէն տեղեակ ըլլալ գործարարութեան զարգացումը խոչընդոտող խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ առաջարկած է կառավարութեան ներկայացնել այն քայլերը, որոնք կը սպասուին անկէ, եւ որոնք բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծեն գործարար միջավայրին համար:

ՀԱԳՄ-ի նախագահ Արսէն Ղազարեան միութեան անունով շնորհաւորած է Կարէն Կարապետեանը` վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք: Ան ներկայացուցած է միութեան անդամ գործարարներուն հետ քննարկման լոյսին տակ բարձրացուած շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին գործարարական միջավայրի եւ տնտեսական ներկայ իրավիճակին մէջ դրական տեղաշարժերու ապահովման: Այս առումով Ա. Ղազարեան ողջունած է կառավարութեան` կառուցուածքային փոփոխութիւններ կատարելու նախաձեռնութիւնը, մասնաւորապէս կարեւոր նկատելով տնտեսութեան նախարարութեան անուանափոխութիւնը Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան, ինչ որ աւելի նպատակային ու հասցէական պիտի դարձնէ այդ նախարարութեան աշխատանքը:

Արձագանգելով` Կարէն Կարապետեան նշած է, որ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը կամուրջ պիտի ըլլայ կառավարութեան ու գործարարներուն միջեւ եւ պիտի աջակցի բոլոր հարցերուն պարագային. «Մենք հետեւեալ խնդիրը բարձրացուցած ենք` փոխել սկզբունքային վերաբերմունքը դէպի գործարարը: Մենք ամէն ինչով պիտի աշխատինք ցոյց տալ, որ ձեր գործընկերն ենք: Մենք պատրաստ ենք կանոնաւոր կերպով արձագանգելու բոլոր բարձրացուած խնդիրներուն եւ պիտի կատարենք ամէն ինչ, որպէսզի միացեալ  աշխատանքը ըլլայ առաւելագոյնս թափանցիկ», յայտնած է ան:

Վարչապետին համաձայն, կառավարութեան գերխնդիրն է ստեղծել այնպիսի միջավայր, որ «սպիտակ դաշտին մէջ» աշխատող գործարարը հանգիստ զգայ, իսկ ստուերի մէջ աշխատողը գիտակցի, որ նախ եւ առաջ  ինք պէտք է դառնայ բարեխիղճ հարկատու:

Կառավարութեան ղեկավարը, խօսելով գործարար միջավայրի բարելաւման նպատակով նախատեսուող նախաձեռնութիւններուն մասին` դիտել տուած է, որ, օրինակ, «կ՛ուսումնասիրուի կարգ մը հարկային եւ ուժանիւթի մատակարարման բաժինով արտօնութիւններ տրամադրելու կարելիութիւնը` բոլոր այն նոր արտադրութիւններուն, որոնք Հայաստանի մէջ չկան»: Այդ պայմանները մրցակցութեան առումով որեւէ խնդիր չեն ստեղծեր միւսներուն համար եւ պիտի նպաստեն երկրին մէջ ներդրումներուն աճին ու նոր աշխատատեղերու ստեղծման:

Միտքերու փոխանակման ընթացքին քննարկուած են փոքր տնտեսական զարգացման ռազմավարութեան, հաւասար մրցակցային դաշտի ձեւաւորման, Հարկային օրէնսգիրքի նախագիծին եւ յարակից այլ հարցեր: Վարչապետը կարեւոր նկատած է նման ձեւաչափով քննարկումները եւ գործարարներուն հետ շարունակական համագործակցութիւնը` առաջարկելով արագ կերպով արձագանգել կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն եւ համապատասխան առաջարկներ ներկայացնել:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Պիտի Քննարկէ Հոկտեմբերին

Յաջորդը

Կարէն Միրզոյեան Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Ղեկավարներու Հետ Քննարկած Է Ղարաբաղի Հարցը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.