Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Պիտի Քննարկէ Հոկտեմբերին

September 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

senat_92816

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը պիտի քննարկէ հոկտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին:

«Ինչպէս գիտէք, ամրան օրէնքի քուէարկութենէն ետք ստեղծուած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որ պէտք էր ներկայացնէր երեսփոխաններու առաջարկները: Եղան երեսփոխաններ, որոնք կը գտնէին, որ ընդհանուր օրէնքէն պէտք է բեկանուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին կէտը, սակայն մենք աշխատանք տարինք, եւ հասանք անոր, որ Ծերակոյտի քննարկման ներկայացուի նաեւ այն տարբերակը, որ ամրան որդեգրուած էր ստորին պալատին մէջ եւ կը ներառէր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը: Քաղաքական ուժերը ընդունեցին, որ այդ տարբերակը եւս ներկայացուի Ծերակոյտի քննարկումին», ըսաւ Փափազեան:

Ան յոյս յայտնեց, որ Ծերակոյտը որդեգրէ նախագիծի այն տարբերակը, որ քննարկուած էր Ազգային ժողովին մէջ յունիսին:

«Մենք կ՛աշխատինք, որ անհրաժեշտ թիւով երեսփոխաններ կողմ քուէարկեն նախագիծին: Գիտէք, որ թուրքերը անտարբեր չեն, անոնք նոյնպէս կ՛աշխատին, ամէն ինչ կ՛ընեն, որ այդ տարբերակը չանցնի: Պայքար տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան:

«Արմէնփրես»-ի այն հարցումին, թէ օրինագիծին հետ կապուած ի՛նչ տրամադրութիւններ կան Ծերակոյտին մէջ, Մուրատ Փափազեան նշեց, որ դժուար է կտրուկ ըսել, սակայն յիշեցուց, որ ընկերվարականները խոստացած են թեր քուէարկել:

Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի` Ազգային ժողովի երեսփոխանները յուլիսին միաձայնութեամբ թեր քուէարկած են «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծի փոփոխութիւններուն, որ պատիժ կը սահմանէ մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր յանցագործութիւնները, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար:

 

Նախորդը

«Անգարա Քաղաքական Սպանութիւններու Գործադրման Համար Զէնք Ուղարկած Է Լոնտոն» Կը Գրէ «Թայմզ»

Յաջորդը

Վարչապետը Գործարարներուն Հետ Քննարկած Է Գործարար Միջավայրի Բարելաւման Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.